By Asbarez | Friday, 26 January 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Կառավարութեան պիւտճէին մէջ նախատեսուած չըլլալով հանդերձ, նախագահ Սերժ Սարգսեան յանձնարարեց տիզելային վառելանիւթի պարագային պետական յատկացումներով մեղմացնել թանկացման հետեւանքները:
Գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքէլեան, կառավարութեան Հինգշաբթի, 25 Յունուարի նիստէն ետք, խօսելով լրագրողներուն հետ՝ յայտնեց, որ
այս հանգրուանին կ՛ուսումնասիրուի, չափաքանակը եւ կը ճշդուի վերջնական գինը, որուն համապատասխան պիտի կատարուի մասնակի աջակցութեան յատկացումը: Ըստ նախարարին՝ վառելանիւթի թանկացումը որոշ չափով միայն կ՛ազդէ ցորենի եւ հացահատիկին վրայ:
<<Դրա համար այս պահին ճիշդ ենք համարում շարունակել սուբսիդաւորել (նպաստ տալ, յատկացում կատարել-Խմբ.) դիզվառելիքը: Ուղղակի սպասում ենք գինը կայունանայ դիզվառելիքի, որ կարողանանք ճիշդ սուբսիդաւորում անել>>, ըսաւ նախարարը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ