By Asbarez | Saturday, 27 January 2018
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի պաշտանութեան բանակին առընթեր Կանանց խորհուրդի անդամները, Հայոց բանակի կազմաւորման տօնին ընդառաջ, 25 Յունուարին այցելեցին դիրքեր:
Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ այցին ընթացքին խորհուրդի անդամները զօրամասին եւ դիրքերուն մէջ հանդիպեցան, զրուցեցին եւ ճաշեցին զինուորներու եւ սպաներու հետ:
Կանանց խորհուրդի անդամները զինուորներուն յանձնեցին Ստեփանակերտի Խաչատուր Աբովեանի անուան թիւ 1 հիմնական դպրոցի աշակերտներուն ձեռքով պատրաստուած տուփերը:
Ըստ Կանանց խորհուրդի նախագահ Ռոմելա Դադայեանի՝ իրենք մէկ տարիէն աւելի է, որ սկսած են լուրջ ու պատասխանատու աշխատանք իրականացնելու՝ այցելելով զօրամասեր, շփուելով զինուորներու եւ սպայական կազմերու հետ, մօտէն ծանօթանալով անոնց հարցերուն եւ զանոնք յուզող հարցերուն:
<<Բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ հայրենիքը կը սկսի սահմանէն եւ անոր համար ալ ամէն ինչ կ՛ընենք, որ զինուորը միշտ ըլլայ մեր ուշադրութեան առարկան. այդ գիտակցութեամբ՝ մենք յաճախ կ՛այցելենք սահմանամերձ զօրամասեր: Մեր առաքելութիւնը նախ՝ կը կրէ դաստիարակչական բնոյթ, երկրորդ՝ այսպիսի այցելութիւններ հոգեբանական մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն զինուորներուն վրայ: Անոնք մեր մէջ կը տեսնեն իրենց մայրերը, քոյրերը, հարազատները եւ մտերիմները: Մեր հանդիպումներուն ընթացքին մենք միշտ տարբեր նիթերով զրոյցներ կ՛ունենանք անոնց հետ: Զինուորականերուն հետ մեր զրոյցները ջերմ են ու անկեղծ: Կը կարծեմ, որ մեր հանդիպումները շատ դրական ազդեցութիւն կը ձգեն անոնց վարքին, իրարու հետ յարաբերելուն, ինչպէս նաեւ բանակ-հասարակութիւն կապի ամրապնդման գործին վրայ>>, յայտնեց է Ռ. Դադայեան:
Զօրամասի անձնակազմին հետ տարուող աշխատանքներուն գծով, տեղակալ, զօրավար Արմէն Յովհաննիսեան իր հաստատեց, որ այսպիսի հանդիպումներ յաճախ տեղի կ՛ունենան։ <<Անկասկած, այս հանդիպումները մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան զինուորներու դաստիարակութեան, կարգապահութեան եւ հայրենասիրութեան վեհ գործին վրայ: Մեր զինուորները սիրով կը սպասեն այսպիսի այցեր: Անոնք կը գիտակցին, որ հասարակութիւնը շատ ուշադիր է իրենց հանդէպ, հպարտ է իրենցմով եւ իրենք, իրենց կարգին, կը ձգտին արժանի հայրենեաց պաշտպաններ ըլլալ>>, աւելցուց Ա. Յովհաննիսեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ