By Asbarez | Tuesday, 30 January 2018
ԵՐԵՒԱՆ - Հայոց բանակի օրուան առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու ղեկավար կազմին ընկերակցութեամբ՝ Կիրակի, 28 Յունուարին այցելեց <<Եռաբլուր>> զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: Ներկաներու շարքին էին վարչապետ Կարէն Կարապետեան, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետն ու գլխաւոր դատախազը:
Նշենք, որ բարձրագոյն ղեկավարութեան այցելութենէն բացի, <<Եռաբլուր>> զինուորական պանթէոն այցելողներու շարքին եղաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան գլխաւոր թեկնածու Արմէն Սարգսեան: Նախագահի թեկնածուին ընկերակցեցան նախկին վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի եղբայրը՝ Արմէն Սարգսեան եւ գրող-հրապարակագիր Զօրի Բալայեան:
Մինչ այդ, նախագահ Սարգսեան հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած անձնուիրութեան եւ խիզախութեան համար զոհուած զինուորներու ընտանիքներու անդամներուն յանձնեց զոհուած հերոսներուն յետ մահու շնորհուած պետական բարձր պարգեւները:
Բանակի օրուան առիթով հանրապետութեան նախագահը նաեւ յղեց իր շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ անդրադարձաւ բանակի կարեւորութեան՝ երկրի անվտանգութեան եւ շրջանի կայունութեան ու խաղաղութեան համար: Նախագահը իր ուղերձին մէջ ըսաւ. <<Մեր բանակը, ըլլալով մեր ժողովուրդի անվտանգութեան յուսալի երաշխիքը՝ նաեւ շրջանային կայունութեան շատ կարեւոր բաղադրիչն է:
Մենք գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ պետականութեան եւ կանոնաւոր բանակի բացակայութիւն եւ գիտենք, թէ որքա՛ն սուղ վճարած ենք անոր համար: Ծանր փորձութիւններ տեսած ազգի մը համար սեփական բանակի գոյութիւնն իսկ ունի առանձնայատուկ ընկալում:
<<Մեր բանակը համաժողովրդական բանակ է, որ իր ստեղծման օրէն կը զգայ ժողովուրդի սէրն ու յարգանքը, կը վայելէ ժողովուրդի վստահութիւնն ու անվերապահ աջակցութիւնը: Վստահ եմ, որ ապագային եւս Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ժողովուրդը պիտի գուրգուրան իրենց առաջնեկին>>:
Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ բանակի այսօրուան վիճակին եւ ըսաւ. <<Գաղտնիք չէ, որ այսօր մենք որակապէս այլ բանակ ունինք՝ զինուած ամէնէն արդիական զինատեսակներով, յագեցած ժամանակակից սարքաւորումներով: Բայց մենք կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք հետեւողականօրէն բարձրացնել մեր բանակի մարտունակութիւնը: Այդ նպատակով ընդունուած է բանակի արդիականացման եօթնամեայ ծրագիր, զոր կեանքի պիտի կոչենք ժամանակացոյցին համապատասխան: Անձամբ ես ջանք պիտի չխնայեմ, որ մեր բանակը դառնայ աւելի արդիական եւ աւելի ուժեղ>>:
Իր խօսքի աւարտին, նախագահ Սարգսեան ըսաւ. <<Այսօր մենք Եռաբլուր կը գտնուինք: Այս սրբազան տօնին օրը մեր պարտքն է գլուխ խոնարհել յիշատակին առջեւ մեր հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքին գնով մեզի կեանք եւ ազատութիւն պարգեւեցին: Վշտակից ենք մեր բոլոր զոհուածներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: Կոչ կ՛ուղղենք սերունդներուն՝ միշտ վառ պահելու անոնց յիշատակը եւ Հայաստանի ժողովուրդին այս կարեւոր տօնի խորհուրդն ու իմաստը>>:
Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահը Բանակի օրուան առիթով, նախագահական նստավայրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր պարգեւներով, շքանշաններով եւ մետալներով պարգեւատրեց խումբ մը զինուորներ եւ ազատամարտիկներ՝ hայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած իրենց նուիրումին եւ խիզախութեան, ինչպէս նաեւ մատուցած նշանակալի ծառայութիւններուն համար ու անոնց շնորհեց բարձրագոյն զինուորական կոչումներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ