Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին Հայաստան պիտի այցելեն շուրջ 100 պատուիրակութիւններ

By Asbarez | Tuesday, 30 January 2018

0129francophone

Միջազգային հանրութեան կողմէ Հայաստանի հանդէպ մեծ վստահութեան դրսեւորում էր այն, որ լիակատար անդամակցութեան հինգ տարուան պատմութիւն ունեցող մեր երկրին հնարաւորութիւն ընձեռնուեցաւ նախագահելու 50 տարուան պատմութիւն ունեցող այս կառոյցին:

Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ տարեկան ամփոփիչ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

<<Հայաստան անկախութեան այս տարիներուն ընթացքին շատ հնարաւորութիւններ ունեցած է նախագահելու տարբեր միջազգային կառոյցներու, եղած է նախագահող ՀԱՊԿի, Եւրոխորհուրդի, ՍԾՏՀի եւ այլ կառոյցներու: Սակայն, մեծ տարբերութիւնը այն է, որ այդ բոլոր նախագահութիւնները եղած են կարգի յաջորդականութիւն, մինչդեռ ֆրանսախօս երկիրներու պարագային, անիկա կարգի յաջորդականութեան նախագահութիւն չէ: Բաւական սուր մրցակցային պայմաններու մէջ, մենք յաջողեցանք ստանձնել այս կառոյցին ղեկավարութիւնը>>, նշեց Նալբանդեան:

Ան համոզուած է, որ այս մէկը ցոյց կու տայ այն վստահութիւնն ու համերաշխութիւնը, զորս միջազգային հանրութիւնը ունի Հայաստանի հանդէպ:

Զուգորդուած եւ դիտորդ 84 անդամներ ունեցող կառոյցէն բացի, Հայաստան պատուիրակութիւններ պիտի ժամանեն նաեւ տարբեր ֆրանսախօս գործակալութիւններէ եւ գործընկեր կառոյցներէ եւ հրաւէրներ պիտի ուղարկուին շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու:

<<Հոկտեմբերին Հայաստան պիտի այցելէ շուրջ 100 պատուիրակութիւն: Յոյսով ենք, որ շատ պատուիրակութիւններ պիտի ղեկավարուին ամենաբարձր մակարդակով>>, ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը:

Յիշեցնելով, որ նախարարներու համաժողովին Հայաստանը արդէն ստանձնած է ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին նախագահութիւնը՝ նախարարը ընդգծած է, որ Հայաստանին բացառիկ հնարաւորութիւն կը տրուի ներկայացնելու երկիրը միջազգային հանրութեան, ընդլայնելու կապերու, յարաբերութիւններու աշխարհագրութիւնը, սերտացնելու, զարգացնելու, խորացնելու համագործակցութիւնը ֆրանսախօս երկիրներու ընտանիքի անդամ երկիրներուն հետ:

<<Պիտի ուզէի նշել, որ մենք կը պատրաստենք ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան նոր հիմնարար փաստաթուղթ: Անիկա <<Ապրիլ միասին>> համաձայնութիւնն է, որ պիտի ըլլայ բաւական լուրջ փաստաթուղթ, զոր արդէն սկսած ենք մշակելու, քննարկելու անդամ երկիրներու, քարտուղարութեան հետ: Գագաթնաժողովին ընթացքին պիտի ընդունուի եզրափակիչ՝ Երեւանեան հռչակագիր: Բացի այդ, պիտի ընդունուին շուրջ 10 այլ բանաձեւեր՝ զանազան հարցերու շուրջ>>, յայտնեց Նալբանդեան:

Ան տեղեկացուց, որ ժողովի ծիրին մէջ Հայաստանը մտադիր է իրականացնելու ֆրանսախօս երկիրներու գործարար համաժողով, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ սերտացնելու եւ ամրապնդելու հիմնարկային կապերը ֆրանսախօս երկիրներու գործարարներու միջեւ: <<Այդ մէկը հնարաւորութիւն պիտի տայ նաեւ Հայաստանին՝ առաւել ընդլայնելու համագործակցութիւնը տնտեսական ոլորտին մէջ, իրականացնելու զանազան ծրագիրներ այս երկիրներուն հետ: Անոր նպատակն է՝ ստեղծել ֆրանսախօս երկիրներու գործարարներու ցանց: Անիկա պիտի կայանայ մեր նախագահութեան օրօք, եւ բացառիկ հնարաւորութիւն է բոլոր ֆրանսախօս երկիրներուն, ներառեալ Հայաստանի համար>>, յայտնեց նախարարը:

 



comments