By Asbarez | Thursday, 01 February 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Նախագահ Սերժ Սարգսեան Չորեքշաբթի, 31 Յունուարին, հրաւիրեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԱԽ) նիստի մը, որուն օրակարգին վրայ էր Հայաստանի զինուած ուժերու 2018-2024 թթ. արդիականացման ծրագիրի նախագիծը եւ սահմանադրական բարեփոխումներու իրաւական ապահովման գործընթացը:
Առաջին հարցին վերաբերեալ զեկուցեց պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:
Անվտանգութեան խորհուրդը հաւանութիւն տուաւ ներկայացուած մօտեցումներուն եւ յանձնարարեց կառավարութեան՝ սահմանուած կարգով ընթացք տալու անոնց ու ներկայացնելու նախագահի հաստատման:
Օրակարգի երկրորդ հարցին՝ սահմանադրական բարեփոխումներու իրաւական ապահովման գործընթացին մասին զեկուցեց արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան: ԱԱԽ անդամներուն նախարար Յարութիւնեան ներկայացուց մշակուած՝ սահմանադրական մարմիններու՝ ներառեալ Ազգային ժողովի, դատական իշխանութեան, կառավարութեան ձեւաւորման եւ օրէնսդրական կարգաւորման գործընթացները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ