By Asbarez | Thursday, 01 February 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Չորեքշաբթի, 31 Յունուարին ընդունեց Հայաստանի մօտ Միացեալ նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզը եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ, USAID) հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Տեպըրա Քրիսըրը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-ամերիկեան տնտեսական յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Վարչապետը կարեւոր նկատեց երկկողմ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը: <<Բարձր ենք գնահատում ԱՄՆ ՄԶԳ աջակցութեամբ իրականացուող ծրագրերը, որոնք նպաստում են ՀՀ տնտեսական աճի ապահովմանը, ժողովրդավարական հաստատութիւնների ամրապնդմանը, կոռուպցիայի դէմ պայքարի յաջող իրականացմանը եւ կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացմանը>>, նշեց վարչապետը:
Դեսպան Միլզ ողջունեց նախաձեռնուած բարեփոխումները եւ վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու՝ այդ գործընթացին օժանդակութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը: <<Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Միջազգային զարգացման գործակալութեան զանազան ծրագիրներու միջոցաւ կ՛աջակցի Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգին, որ միտուած է ժողովրդավարութեան ու ներդրումներու համար բարենպաստ պայմաններու ձեւաւորման>>, իր կարգին յայտնեց դեսպանը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ