By Asbarez | Thursday, 01 February 2018
ԵՐԵՒԱՆ - Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Չորեքշաբթի, 31 Յունուարին այցելեց կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն՝ ծանօթանալու 2017ի գերակայ հարցերու կատարման եւ միջոցառումներու իրականացման արդիւնքներուն եւ 2018ի ծրագիրներուն:
Կրթութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան զեկուցեց, որ նախարարութեան գործունէութիւնը ուղղուած եղած է կրթութեան որակի եւ մատչելիութեան բարելաւման՝ համակարգի բովանդակային արդիականացման, իրաւական դաշտի ամրապնդման ու կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման ճանապարհով: Կրթութեան ոլորտի զարգացման յետագայ ուղղութիւնները նախանշելու նպատակով մշակուած է <<Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան զարգացման մինչեւ 2030 թուականի պետական ծրագիրը հաստատելու մասին>> ՀՀ օրէնքի նախագիծը, որ պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի հաստատման:
<<Ամենակարեւորն այն էր, որ այս տարուայ ընթացքում մեզ յաջողուեց եւ հայեցակարգային, եւ կոնկրետ գործողութիւնների տեսքով քարտէզագրել մեր ամբողջ փաթեթը: Մինչեւ 2030 թուականի մեր գործողութիւնների ծրագիրն ունի հայեցակարգային մաս, բայց աւելի կարեւոր է երկրորդ յաւելուածը, որով փորձեցինք իւրաքանչիւր խնդրի մասով իրականացնել ժամանակացուցային քարտէզագրում, եւ անելիքները բաշխել գոնէ առաջիկայ 2-3 տարուայ ժամանակահատուածում>>, յայտնեց նախարարը: Զեկուցուեցաւ նաեւ, որ 2017ին վերապատրաստուած են շուրջ 7000 ուսուցիչներ:
<<Մեր խնդիրը ժամանակակից, լաւ կրթական համակարգ ունենալն է, որպէսզի մեր քաղաքացին սովորական դպրոցում կարողանայ ստանալ լաւ կրթութիւն: Համակարգին մոտիւացնելու (շարժելու, դրդելու-Խմբ.) համար մենք պէտք է ունենանք լաւ դպրոցների օրինակներ>>, ըսաւ վարչապետը:
Վարչապետը տեղեկաց, որ 2017ին հանրապետութեան դպրոցներուն 70 տոկոսին մէջ ներդրուած է պարտադիր երրորդ օտար լեզուի առարկան, եւ փորձնական ծրագիրով արդէն իսկ տարբեր գիւղերու մէջ հիմնուած են օտար լեզուներու ուղղուածութեայբ խորացուած դպրոցներ:
<<Մենք՝ հայերս, դատապարտուած ենք իմանալու երեք լեզու: Եթէ մենք երեք լեզու չիմանանք՝ ժամանակակից չենք լինելու, մենք փիլիսոփայութեան, ֆիզիկայի գրքերը չենք կարողանալու թարգմանել հայերէն, իսկ այսօր իւրաքանչիւր օր տեղի են ունենում փոփոխութիւններ>>, ընդգծեց Կարէն Կարապետեան, յանձնարարելով մշակել օտար լեզուներու դասաւանդման նոր համակարգ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ գիտութեան ոլորտի ներկայ վիճակին, գոյութիւն ունեցող հարցերուն եւ հնարաւորութիւններուն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ