Դաւիթ Լոքեան մարզպետներու հետ աշխատանքային քննարկում ունեցաւ

By Asbarez | Thursday, 01 February 2018

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ նախարար Դաւիթ Լոքեան 29 Յունուարին աշխատանքային քննարկում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մարզպետներու մասնակցութեամբ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան 7 Դեկտեմբեր 2017ին, Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած համայնքներու խորհրդաժողովին ընթացքին հանրապետութեան նախագահին կողմէ  յանձնարարականներու կատարման ընթացքը:

Քննարկուեցան տեղական պիւտճէներու հաւաքագրման հարցերը եւ անոնց լուծման կարելիութիւնները, համայնքներուն նպաստներ տրամադրելու կարգը, անոր կատարման ընթացքը, հաւանական հարցերը եւ անոնց լուծման ուղղութիւնները:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ համայնքներու տնտեսութեան վրայ էական ազդեցութիւն ունեցող գործարարական ծրագիրներու վարկային տոկոսներու օժանդակութեան կարգին, մարզերուն մէջ անոր կիրարկման կարելիութիւններուն եւ այդ հարցով մարզպետարաններու  դերակատարութեան բարձրացումին: Քննարկուեցան նաեւ մարզպետարաններու 2018ի տարեկան աշխատանքային ծրագիրները, անոնց համար սահմանուած ցուցանիշները, ինչպէս նաեւ այդ ցուցանիշներու բարելաւման ուղղուած գործողութիւններու  անհրաժեշտութիւնը:

 

comments