By Asbarez | Saturday, 03 February 2018
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ» - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ուրբաթ, 2 Փետրուարին ընդունեց Հայաստան համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը, հիմնադրամի փոխտնօրէն Արարատ Խլղաթեանը եւ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի ներկայացուցիչ Նարեկ Կարապետեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեան մշտապէս յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են Արցախին եւ անոնց անմիջական մասնակցութեամբ հանրապետութեան տարածքին իրականացուած են ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բազմաթիւ ծրագիրեր: Նախագահը յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ համագործակցութեան բարձր մակարդակը կը պահպանուի նաեւ ապագային:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ