Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն

By Asbarez | Saturday, 03 February 2018

0203pakoarfՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ «Ապառաժ» - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ուրբաթ, 2 Փետրուարին ընդունեց ՀՅԴ Արցախի նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէի անդամները՝ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի գլխաւորութեամբ:

Քննարկուեցան երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան շնորհաւորեց Կեդրոնական կոմիտէի նորընտիր անդամները՝ անոնց մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք, ընդգծելով, որ քաղաքական ուժերու հետ մշտական խորհրդատուութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին երկրին առջեւ ծառացած զանազան հարցեր արդիւնաւէտօրէն լուծելու տեսանկիւնէն:

comments