Արմէն Սարգսեան հանդիպեցաւ Արցախի նախագահին հետ

By Asbarez | Saturday, 10 February 2018

0210pako

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 9ին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանը: Առանձնազրոյցէն ետք հանդիպումը շարունակուեցաւ ընդլայնուած կազմով: Քննարկուեցաւ պետականաշինութեան, հայկական երկու պետութիւններու համագործակցութեան, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման, ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց Արմէն Սարգսեանի Արցախ այցելութիւնը եւ  նախատեսուած հանդիպումները՝ ընդգծելով, որ այդ կ՛արտացոլէ Արցախի կարեւոր տեղն ու դերը հայոց պետականութեան եւ հայ ժողովուրդին համար: Հանդիպման կը մասնակցէին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement