Լրագրողներու միջազգային խումբը այցելեց Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Զօրամասեր

By Asbarez | Wednesday, 14 February 2018

0214journalist

Արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի, ղարաբաղեան շարժման 30րդ տարեդարձին վերաբերեալ յօդուածներ եւ տեղեկատուութիւն պատրաստելու նպատակով, Արցախի մէջ գտնուող լաթվիացի, հունգարացի, ալճերիացի, իտալացի, ռուս եւ ֆրանսացի խումբ մը լրագրողներ ու համացանցի կայքերու տէրեր, 12 Փետրուարին այցելեցին Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր ու զօրամասեր: Այս մասին կը հաղորդէ <<Երկիր Մեդիա>>ն:

Զօրամասերու մշտական տեղակայման վայրին մէջ, լրագրողները ներկայ եղան բանակի ուսումնական փուլի մեկնարկին նուիրուած հանդիսաւոր հանդիպումին, իսկ առաջնագիծին վրայ, անոնք հետաքրքրուեցան գործող մարտավարական իրադրութեամբ,  ծանօթացան  զինծառայողներու ընկերային-կենցաղային պայմաններուն ու մարտական հերթապահութեան ընթացքին:

 



comments