Արամ Մանուկեանի տունը մեր լիազօրութեան շրջանակէն դուրս է. Երեւանի Քաղաքապետ

By Asbarez | Wednesday, 14 February 2018

0214arammanoukian

ԵՐԵՒԱՆ - Երեւանի աւագանիի Երեքշաբթի օրուան նիստին որոշում կայացուեցաւ Երեւան քաղաքի Արամի ու Նալպանտեան փողոցի հատուածին վրայ տեղադրել Արամ Մանուկեանի յուշարձանը:

Ըստ <<ՓանԱրմինիըն>>ի՝ հարցին վերաբերեալ ելոյթ ունեցաւ <<Ելք>> խմբակցութեան անդամ Արայիկ Յարութիւնեան՝ յորդորելով վերակառուցել Արամ Մանուկեանի տունը: <<Գացէք, տեսէք՝ Արամ Մանուկեանի տունը ինչ վիճակի մէջ է, մենք մեր մեծերու յուշարձանը չենք պահեր, բայց պաթոսով (փքալից-Խմբ.) նոր յուշարձան կը բանանք, վերակառուցեցէք Արամ Մանուկեանի տունը, կ՛ըսէք մեր Առաջին հանրապետութեան վարչապետն է, բայց առաջին հանրապետութիւնը քանդողներու փողոցները ձգեցիք, Միկոյեանի ու Կասեանի փողոցները կը շարունակեն մնալ>>, ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեան:

Տարօն Մարգարեան, արձագանգելով սոյն նիւթին՝ ըսաւ, որ Արամ Մանուկեանի տունը քաղաքապետարանի լիազօրութիւններուն մէջ չի մտներ: <<Տունը սեփականութիւն է ու քաղաքապետարանը այդտեղ լիազօրութիւն չունի, եթէ մենք նման լիազօրութիւն ունենայինք, համոզուած եղէք, որ կը վերակառուցէինք>>, յայտնեց Տարօն Մարգարեան:

Արայիկ Յարութիւնեան նաեւ յայտարարեց, որ <<Ելք>> խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ նախագիծին:

Յիշեցնենք, որ Երեւանի քաղաքապետարանը 2017ին որոշում կայացուցած էր՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100ամեակին առիթով, Հանրապետութեան հրապարակին մօտ՝ Արամի եւ Նալպանտեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ տեղադրել առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր, հայ ազգային-ազատագրական պայքարի մասնակից, պետական, հասարակական գործիչ Արամ Մանուկեանի յուշարձան-կոթողը:

Նշենք, որ Արամ Մանուկեանի արձանի նախագիծին՝ համացանցի վրայ յայտնուած տարբերակը քննադատութիւներու առիթ դարձած է: Որոշ քննադատներ կը պնդեն, որ արձանին համար յարմար տեղ ընտրուած չէ, ոմանք ալ վստահ են, որ արձանին տեսքը չ՛արտացոլեր Արամ Մանուկեանի կերպարը:

 



comments