By Asbarez | Thursday, 15 February 2018
ԵՐԵՒԱՆ - Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Երեւանի գրասենեակին մէջ Չորեքշաբթի, 14 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ Հայաստանի նախագահի թեկնածու առաջարկուած Արմէն Սարգսեանի հանդիպումը ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ անդամներու հետ:
Արմէն Սարգսեան ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն ներկայացուց իր ծրագիրները եւ լսեց անոնց կարծիքներն ու առաջարկները:
Արմէն Սարգսեան նոյն օրը հանիպեցաւ <<Բարգաւաճ Հայաստան>> կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հետ:
Չորեքշաբթի օր, նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան հանդիպեցաւ նաեւ «Ելք»ի կողմէ առաջադրուած իր մրցակիցին՝ Արտակ Զէյնալեանի հետ:
Արմէն Սարգսեան նախօրէին յայտարարած էր, որ արդէն պատրաստ է նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպելու:
<<Մեր հանդիպումը չի լինելու բաց, որ ես հանդիպեմ նախագահին, ասեմ՝ ընդունում եմ, որովհետեւ մեր յարաբերութիւնները ոչ միայն ընկերական, բարեկամական, այլ նաեւ դեսպանի եւ նախագահի յարաբերութիւններ են. տուեալ դէպքում լինելու են նաեւ աշխատանքային քննարկումներ>>, Չորեքշաբթի օր, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին բացատրեց Արմէն Սարգսեան:
Ժատասխանելով հարցումին, թէ ի՛նչ կ՛ակնկալեն իրմէ մտաւորականութիւնը եւ հանրութիւնը՝ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ ամէնէն դժուարը մարդոց մտածողութիւնը փոխելն է:
<<Հասարակութիւնը հսկայական ակնկալիքներ ունի սկսած նրանից, որ հանրութեան մօտ կայ իներցիոն (անշարժ-Խմբ.) մի մտածողութիւն, որ նախագահը մէկն է, որ ունի վերեւից ներքեւ ուղղաձիգ իշխանութիւն, եւ հակառակը՝ ասում են, որ նախագահի լիազօրութիւնները չկան, կամ այնքան քիչ են, որ նախագահը ոչինչ չի կարող անել: Սա ասում է ե՛ւ հանրութիւնը, ե՛ւ կուսակցութիւնները, իսկ սա ամենացաւալի իրողութիւն է, քանի որ ցանկացած փոփոխութիւն տեղի է ունենում մտածողութեան պատճառով: Ամենամեծ դժուարութիւնը մեր երկրում այն է, որ մարդիկ յոյս ու հաւատ ունենան>>, ըսաւ ան:
Նախագահ Սարգսեանի հետ Արմէն Սարգսեանի հանդիպումը կը նախատեսուի Փետրուար 18էն առաջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ