Նախագահ Սարգսեան Քուէյթի պետական նախարարին հետ քննարկեց երկու կողմերը շահագրգռող հարցեր

By Asbarez | Friday, 16 February 2018

 

0216SERJ

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփէրս>>.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հինգշաբթի, 15 Փետրուարին իր նստավայրին մէջ ընդունեց Քուէյթի պետութեան ընկերային ապահովութեան հարցերու եւ աշխատանքի նախարար, տնտեսական հարցերով պետական նախարար Հինտ Սապիհ Ալ-Սապիհը:

Նախագահը շնորհաւորեց Հինտ Սապիհ Ալ-Սապիհը նախարարի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով եւ փափաքեցաւ, որ պաշտօնավարման ընթացքին նախարարը շարունակէ իր գործունէութեամբ նպաստել երկկողմ միջպետական կապերու ամրապնդման:

Նշելով, որ Հայաստանի համար կարեւոր է Քուէյթի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացումը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ, Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ խօսեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ետք ձեւաւորուած ամուր փոխգործակցութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացի մասին:

Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց Քուէյթի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին՝ հայ համայնքին հանդէպ ցուցաբերուող ջերմ վերաբերմունքին, ինչպէս նաեւ Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն Քույէթի պետութեան կողմէ տրամադրուած աջակցութեան համար:

Նախարար Սապիհ Ալ-Սապիհ ընդգծեց, որ ինք անձամբ ջերմ վերաբերմունք ունի Հայաստանի նկատմամբ, ուր, որպէս զբօսաշրջիկ, յաճախ կ՛այցելէ եւ նոյնը խորհուրդ կու տայ իր հայրենակիցներուն: Նախարարը գոհունակութեամբ նշեց Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ ստեղծուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան մասին:

Նշենք, որ Քուէյթի պետութեան աջակցութեամբ Երեւանի մէջ տարեցներու համար արժանավայել պայմաններ ստեղծուած են՝ ծերանոցի նոր մասնաշէնքի մը կառուցումով:

 

comments