Վարչապետի ընտրութեան օրը յայտնի է

By Asbarez | Friday, 16 February 2018

0216parliament

<<Հրապարակ>> թերթը կը գրէ. <<Ըստ մեր աղբիւրներու փոխանցած տեղեկութեան՝ քաղաքական որոշումը արդէն կայացած է վարչապետի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 17 Ապրիլին Ազգային ժողովի յատուկ նիստին ընթացքին: Մնացեալ պարագաներուն նման, ընթացակարգը նոյնն է՝ առաջադրում, թեկնածուի ծրագրային ելոյթ, հարցումներ, միտքերու փոխանակում, ելոյթներ, խմբակցութիւններու տեսակէտներ, Ազգային ժողովի նախագահ-փոխնախագահներու արտահերթ ելոյթներ:

Ի տարբերութիւն ապագայ նախագահի գաղտնի ընտրութեան, վարչապետի ընտրութիւնը բաց է՝ ցուցանակին վրայ նոյն վայրկեանին պիտի երեւայ, թէ ով ինչպէս քուէարկած է: Նաեւ՝ վարչապետի ընտրութեան համար անհրաժեշտ է պարզ մեծամասնութիւն, իսկ նախագահին՝ ձայներու երեք քառորդ>>:

 



comments