Շիրակի մարզպետարանը մշակած է մարզի զբօսաշրջութեան զարգացման հայեցակարգ մը

By Asbarez | Friday, 16 February 2018

0216shirak

ԳԻՒՄՐԻ - Շիրակի մարզը, եւ մասնաւորապէս Գիւմրի քաղաքը միշտ ալ յայտնի եղած են իրենց իւրայատուկութիւններով, պատմամշակութային ժառանգութեամբ, յայտնի մարդոցմով, գեղեցիկ ու մաքուր բնութեամբ եւ իւրայատուկ խոհանոցով: Մարզի հնարաւորութիւնները եւ հեռանկարները զբօսաշրջութեան զարգացման համար անսահման են:

Այս բոլորը նկատի ունենալով, Շիրակի մարզպետարանի մասնագէտներու համատեղ ջանքերով մշակուած է մարզի զբօսաշրջութեան զարգացման հայեցակարգը, որ ներկայացուած է հանրային քննարկման։

Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ, 14 Փետրուարին տեղի ունեցաւ քննարկում, որուն մասնակցեցան զբօսաշրջութեան գործակալութիւններու, հիւրատուներու եւ հիւրանոցներու ներկայացուցիչներ:

<<Մեզ համար զբօսաշրջութիւնն առաջնային է համարւում: Հայեցակարգի մշակումը կարեւորելով հանդերձ, ինձ համար չափազանց կարեւոր է նաեւ այն ձեզ հետ քննարկելն ու վերջնական տեսքի բերելը: Այստեղ գրուած ոչինչ վերջնական համարել չի կարելի. մենք պատրաստ ենք լսել ու հայեցակարգում ներառել բոլոր գործնական ու օգտակար առաջարկները>>, հանդիպումը բանալով յայտնեց Շիրակի մարզպետը:

 



comments