By Asbarez | Friday, 16 February 2018
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ ժողովուրդի կարեւորագոյն նպատակը պետութեան միջազգային ճանաչումն է: Այս մասին, ըստ <<Նիուզ>>ի, յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:
Ըստ անոր՝ այս կը թելադրէ ընելիքները եւ կը վերաբերի իշխանութեան բոլոր ճիւղերուն՝ առանձին-առանձին եւ միասնական համահաւաք աշխատանքին.
<<Մեր օրերուն, խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը շատ կարեւոր գործիք է քաղաքական նպատակներուն հասնելու համար: Յատկապէս վերջին տարիներուն նկատուող աշխուժութիւնը եւ բուռն շփումները ասոր վկայութիւնն են>>, նշեց Աշոտ Ղուլեան՝ յիշեցնելով, որ Արցախի Հանրապետութիւնը միջխորհրդարանական կապերու զարգացման երկու կարեւոր ուղղութիւն ունի: Առաջինը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան խոր-հրդարանին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի խորհրդարանին միջոցով այլ խորհրդարաններու հետ միջխորհրդարանական կապերն են, իսկ երկրորդը՝ Արցախի խորհրդարանի ինքնուրոյն գործողութիւններն ու ջանքերն են, որոնք նոյնպէս ուղղուած են այլ երկիրներու խորհրդարաններու եւ առանձին խորհրդարանականներու հետ կապերու աշխուժացման: <<Աշխատանքը առաւել աշխուժացած է 2013ին, երբ ձեւաւորուած են առաջին բարեկամական խումբերը>>, աւելցուց ան:
Առաջին բարեկամական խումբը Լիթուանիոյ Հանրապետութեան խումբն էր, յաջորդը ձեւաւորուած էր Ֆրանսայի հետ. <<Անոնք այն կարեւոր միջոցներն էին, որոնցմով Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանը կրնայ իր ու ժողովուրդի տեսակէտները արտաքին աշխարհին ներկայացնել: Անիկա մէկ օրուան մէջ չէ եղած, այլ հետեւողական ջանքներու շնորհիւ>>, ըսաւ Ղուլեան՝ յիշեցնելով, որ 2006էն ի վեր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ ամէն տարի Արցախին նուիրուած ձեռնարկներ կ՛իրականացուին: Ռուսիոյ խորհրդարանին հետ, յատկապէս, Պետական Տումայի առանձին պատգամաւորներու եւ այն խումբերու հետ, որոնք առաւել տեղեկացուած են տարածաշրջանային խնդիրներուն, աշխոյժ աշխատանք կը տարուի. այս հնարաւորութիւններուն ճիշդ օգտագործումը տեսանելի արդիւքներ պիտի ընձեռէ խորհրդարանական կապերու զարգացման համար: Վերջերս, մենք նաեւ կը փորձենք գտնել նոր՝ չօգտագործուած աղբիւրներ Հայաստանի խորհրդարանին հետ կապերու աշխուժացման համար: Միայն վերջին 8 ամիսներուն ընթացքին Հայաստանի խորհրդարանի մշտական յանձնաժողովներու եւ խմբակցութիւններու ղեկավար կազմէն բաղկացած պատուիրակութիւնները երկու անգամ արդէն այցելեցին Արցախ: Ասիկա մեզի թոյլ կու տայ շատ ճիշդ ձեւով օգտագործելու մարդկային եւ մասնագիտական հնարաւորութիւններու դաշտը>>, եզրափակեց Աշոտ Ղուլեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ