Ստեփանակերտի մէջ Արթուր Մկրտչեանի յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ

By Asbarez | Saturday, 17 February 2018

0217arthur1

Ուրբաթ, 16 Փետրուարին, Արցախի քաղաքական եւ պետական գործիչ, Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ, ազգագրագէտ Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան օրն էր. ան պիտի դառնար 59 տարեկան:

Օրուան առթիւ, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, պետական պաշտօնեաներ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի պատասխանատուներ, Արցախեան շարժման մասնակիցներ, անոր ընտանիքի անդամներն ու հարազատները այցելեցին Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր, ծաղիկներ խոնարհեցին եւ յարգանքի տուրք մատուցանեցին Արթուր Մկրտչեանի յիշատակին:

Այնուհետեւ, Արցախեան շարժման 30ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Արցախի Ազգային ժողովի <<Դաշնակցութիւն>> խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ Ազգային ժողովին մէջ կազմակերպուեցաւ <<Արթուր Մկրտչեան մարդ-գիտնականը, պետական-քաղաքական գործիչը եւ Արցախեան շարժման յառաջամարտիկներէն մէկը>> նիւթով քննարկում:

Ձեռնարկին ներկայ էին այն անձերը, որոնք մօտէն ճանչցած եւ անմիջական առնչութիւն ունեցած են Արթուր Մկրտչեանի հետ:

Մասնակիցները ներկայացուցին Ա. Մկրտչեան անհատը, հայրենասէրը, կատարեցին վերյիշումներ եւ միտքեր փոխանակեցին:

0217arthur2

Արժեւորելով Ա. Մկրտչեանի դերակատարութիւնը՝ Արցախեան շարժման յառաջամարտիկ Համլէտ Գրիգորեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ, իր կարծիքով, Արթուր Մկրտչեանի առեղծուածային մահուան մէջ քաղաքական դրդապատճառներ կային:

Ըստ <<Արցախփրէս>>ի՝ Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան ըսաւ, որ Արցախեան շարժումը քաղաքական եւ ռազմական ասպարէզ հանած էր յառաջամարտիկներ. անոնցմէ մէկն ալ Արթուր  Մկրտչեանն է: <<Ան բիւրեղեայ մաքրութեամբ անձնաւորութիւն էր: Ա.  Մկրտչեան կրցաւ իր արդարամտութեամբ, անկեղծութեամբ եւ նուիրուածութեամբ իր շուրջը համախմբել շարժման գործիչները: Այդպիսի անհատները միշտ կը մնան իրենց բարձրութեան վրայ եւ կրնան իրենց ետեւէն սերունդներ տանիլ: Այսօր ալ մեր սերունդը կը շարունակէ հայրենասիրութեան եւ հերոսութեան դասեր քաղել Ա. Մկրտչեան քաղաքական գործիչէն>>, յայտնեց Վ. Բալայեան:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ. <<Խօսելով Արցախեան շարժման 30ամեակին մասին, պէտք է անդրադառնանք այն մարդոց, որոնք խորհրդանշական կերպով այդ շարժման բովանդակութիւնն են: Արցախեան շարժման յառաջամարտիկ Արթուր Մկրտչեան այն կերպարներէն է, զոր այսօր կրնանք ներկայացնել եւ որուն ձգած հետքը ուսանելի պիտի ըլլայ նաեւ նորորեայ սերունդին համար>>:

Պատգամաւոր Ալեոշա Գաբրիէլեան կիսեց Ա. Մկրտչեանի մասին յիշողութիւններ եւ պատմեց, որ իր առաջին հանդիպումը անոր հետ եղած է 1988ին, Երեւանի մէջ: <<Բաւական տպաւորուած էի. ան կիրթ, զարգացած, նուիրեալ անձնաւորութիւն էր: Յետագային անոր հետ շփուած եմ, որպէս պատգամաւոր: Մեծատառ Մարդ էր, հայրենասէր, ունէր ղեկավարի հմտութիւն: Այդպիսի ղեկավար-անհատներ մենք շատ քիչ ունինք>>, ըսաւ Ա. Գաբրիէլեան:

Պատգամաւոր Գէորգի Պետրոսեան իր խօսքին մէջ յիշեց այն դրուագը, երբ Ա. Մկրտչեան պիտի դառնար Գերագոյն խորհուրդի նախագահ: <<Ան համաձայն չէր նախագահ ընտրուելուն, եւ համեստօրէն ըսած էր, որ ինք տակաւին պատրաստ չէ ստանձնելու նման լուրջ պատասխանատուութիւն>>, պատմեց Գ. Պետրոսեան:

Նշենք, որ Արթուր Մկրտչեան ծնած է 1959ին, Հադրութի շրջանի Ուխտաձոր գիւղը: Ան միայն 32 տարեկան էր, երբ ընտրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ: ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեան երկրորդ հայկական պետութիւնը ղեկավարեց միայն 97 օրեր: 33 տարեկանին մահացաւ իրեն դէմ արձակուած կրակոցով:

 

 

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement