Արցախի Դաշնակցական գործիչներ կ՛արժանանան պետական բարձր պարգեւներու

By Asbarez | Wednesday, 21 February 2018


0221medals

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Երկիր>> - Արցախի ազգային-ազատագրական շարժման 30րդ տարեդարձին առիթով, Արցախի Հանրապետութեան իրենց մատուցած ծառայութիւններուն համար, նախագահ Բակօ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեանը եւ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահուերդեանը պարգեւատրեց <<Մեսրոպ Մաշտոց>> շքանշանով, իսկ Ազգային ժողովի <<Դաշնակցութիւն>> խմբակցութեան անդամ, ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը՝ <<Մխիթար Գօշ>> շքանշանով:

Պետական պարգեւները յանձնուեցան 19 Փետրուարին՝ Արցախի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement