Մինչեւ 2019 թուականը Արցախի հարցով լուրջ տեղաշարժեր պիտի չըլլան - Կիրօ Մանոյեան

By Asbarez | Wednesday, 21 February 2018

 

0221giro


Արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման առնչութեամբ զարգացումներու բացակայութիւնը խիստ մտահոգիչ է: 19 Փետրուարին, <<Փաստարկ>> ակումբին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

<<Ատրպէյճան կը փորձէ պատրանք ստեղծել, թէ դրական միտումները առկայ են, սակայն հիմքեր չկան հաւատալու անոր: Մենք պէտք է լսենք Ալիեւի հրապարակային յայտարարութիւնները, որոնք չեն խօսիր տագնապի խաղաղ լուծման պատրաստակամութեան մասին>>, ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Մանոյեան համաձայն չգտնուեցաւ յաճախ հնչող այն տեսակէտին հետ, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ռազմատենչ յայտարարութիւնները, որոնց կարգին՝ Երեւանի մասին վերջին յայտարարութիւնը, զուտ ներքին սպառման համար են: <<Միջազգային հանրութիւնը պէտք է յստակ պատգամներ փոխանցէ Ատրպէյճանին եւ ըսէ, որ նման յայտարարութիւններ անընդունելի են>>, ըսաւ Մանոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հաւանակա՞ն է, որ լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններ վերսկսին՝ Մանոյեան ըսաւ, որ մօտ ապագային ապրիլեան պատերազմի կրկնութիւն չի կանխատեսեր, սակայն հայկական կողմը զգօնութիւնը պէտք չէ կորսնցնէ: Եթէ, այնուամենայնիւ, լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ սկսին, հետեւանքը իսկապէս անկանխատեսելի պիտի ըլլայ:

<<Խաղաղ լուծում կրնայ ըլլալ, եթէ միջազգային հանրութենէն ութ պետութիւն ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը այնքան, որքան Հայաստանը ճանչցած է: Այդ մէկը Ատրպէյճանի վրայ լուրջ ճնշում կ՛ըլլայ: Խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի՝ անիկա կ՛ըլլայ Ատրպէյճանի, թէ աշխարհի կողմէ ճանաչումով>>, ամփոփեց Մանոյեան՝ համոզում յայտնելով, որ մինչեւ 2019 Արցախի հարցով լուրջ տեղաշարժեր պիտի չըլլան:

Մտահոգիչ հարց է նաեւ, ըստ Մանոյեանի, Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու վերաբերմունքը:

Անդրադառնալով Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ելոյթին, որ անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է բանակցութեան սեղանին դրուի հայ-թրքական այլ փաստաթուղթ մը՝ Մանոյեան նշեց. <<Երկրի ղեկավարի ըսածին մէջ նորութիւն չկար>>: Ըստ անոր՝ նախագահը հաստատեց, որ հայ-թրքական արձանագրութիւնները Հայաստանի համար այլեւս արժէք չունին եւ մինչեւ գարուն անոնք առ ոչինչ պիտի յայտարարուին:

ՀՅԴ գործիչը շեշտեց նաեւ, որ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու  վատթարացումը չի բխիր Հայաստանի շահերէն:

Միւս կողմէ, <<Երկիր>>ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Կիրօ Մանոյեան, խօսելով Միւնիխի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթին մասին, ուր ան կ՛արձագանգէր  Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ Երեւանը պատմական ատրպէյճանական տարածք է՝ ան շեշտեց, որ Դաշնակցութեան տեսակէտն ալ նոյնն է, ինչպէս նախագահինը: Յիշեցնենք, որ Սարգսեան յայտարարած էր, որ ասիկա, անշուշտ զառանցանք է, բայց Եւրոպայի լռութեան լոյսին տակ՝ այդպիսի յայտարարութիւնները կրնան ունենալ շատ լուրջ հետեւանքներ:

Կիրօ Մանոյեան ընդգծեց, որ միջազգային համայնքին լռութիւնը խրախուսանք է Ատրպէյճանին, որ շարունակէ նման յայտարարութիւններ կատարել:

Ան համակարծիք չէ բոլոր անոնց, որոնք խորհուրդ կու տան հայութեան՝ չանհանգստանալու, որովհետեւ ասոնք ներքին սպառման համար են: <<21րդ դարուն ներքին սպառման համար նման բաներ չեն ըսեր, որովհետեւ մենք ալ կը լսենք: Ի՞նչ կը նշանակէ ներքին սպառման համար ըսել, երբ ան այդ մթնոլորտը կը ստեղծէ իր իսկ հասարակութեան մէջ: Երբ նման յայտարարութիւններուն պատշաճ կերպով չի հակազդեր միջազգային ընտանիքը, ապա անիկա Ատրպէյճանի մէջ կը մեկնաբանուի իբրեւ քաջալերանք>>, դիտել տուաւ Մանոյեան՝ բացատրելով, որ ասիկա կրնայ Ատրպէյճանի նախագահին շրջապատն ու հասարակութիւնը մղել նման հաւանականութիւններու մասին մտածելու:

Ըստ Մանոյեանի՝ այդ պատճառով ալ միջազգային ընտանիքը պարտաւոր է իր գնահատականը տալ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ կատարուած նման յայտարարութիւններուն, որոնք  ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ու ամրապնդման:

Արձագանգելով այն դիտարկման, որ արդեօք հայկական կողմէն թերացո՞ւմ կայ, որ միջազգային հանրութիւնը պատշաճօրէն չի հակազդեր Ալիեւի նման յայտարարութիւններուն՝ Մանոյեան նկատել տուաւ, որ երբ նախագահին կողմէ նման յայտարարութիւն կը կատարուի, անիկա մեր ակնկալիքի դրսեւորման ամէնէն բարձր մակարդակն է: <<Միշտ կարելի է ըսել, թէ Հայաստան ոչ մէկ բան ըրած է, անոր համար է, որ միջազգային համայնքը լուռ է: Բայց մենք արդէն նախագահի մակարդակով կը յայտարարենք, որ ասիկա վտանգաւոր է. ձգել, որ Ատրպէյճան նման բաներ ըսէ, եւ չլսելու տալ, ուրեմն ատիկա իսկապէս վտանգաւոր է>>, նշեց ան:

Ան բացատրեց, որ վտանգը այն է, որ նման յայտարարութիւններ կրնան պատերազմի առաջնորդեն:

<<Ատրպէյճանի մէջ կը սկսին կարծելու, թէ իսկապէս Երեւանը իրենցն է, եւ պէտք է այդ ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկել, իսկ այդ ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելը պատերազմ կը նշանակէ: Ասիկա արդէն վտանգ է, ասիկա ռազմատենչ յայտարարութիւն է, իսկ ռազմատենչ յայտարարութիւնը ժամանակի ընթացքին կրնայ վերածուիլ նաեւ զինուորական գործողութիւններու, որ բնականաբար մեծ վտանգ է>>, շեշտեց Մանոյեան:

Անդրադառնալով Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մասին նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան՝ Մանոյեան նշեց, որ այս առումով նախագահը ոչ մէկ նոր բան ըսած է՝ ընդգծելով. <<Նախագահը միշտ ըսած է, որ Հայ-թրքական արձանագրութիւնները մինչեւ գարուն առ ոչինչ պիտի յայտարարէ: Այդ իմաստով նոր բան չէ ըսած, կրկնած է այն, ինչը արդէն ըսած էր Սեպտեմբերին, ՄԱԿի բարձրագոյն ամպիոնէն: Ան յայտարարած է, եթէ Թուրքիան կը սպասէր, որ այլ իրավիճակ ստեղծուի, որպէսզի վաւերացնէ արձանագրութիւնները, ապա այդ իրավիճակի ստեղծումը մենք կը հասկնանք այնպէս, որ Թուրքիա վաւերացման համար նախապայման կը դնէ Արցախի հարցին վերաբերեալ: Ուստի, մենք կ՛ըսենք, որ եթէ իրավիճակի փոփոխութեան կը սպասէք, ուրեմն նոր իրավիճակի լոյսին տակ պէտք է նոր փաստաթուղթի մասին բանակցինք>>, ըսաւ ան:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement