Եւրոմիութիւնը 2017-2020ին Հայաստանին պիտի յատկացնէ 160 միլիոն Եուրօ

By Asbarez | Thursday, 22 February 2018

0222nalbandian1

 

ՊՐԻՒՔՍԷԼ, <<Սիվիլնեթ>>.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Չորեքշաբթի, 21 Փետրուարին, Պրիւքսէլի մէջ հանդիպեցաւ Եւրոմիութեան բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ԵՄ-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի իրականացման ծրագիրները:

Հանդիպումի աւարտին, կողմերը ստորագրեցին ԵՄ-Հայաստան Գործընկերութեան առաջնահերթութիւնները բանաձեւած փաստաթուղթ, որուն մէջ ներառնուած են համագործակցութեան հիմնական ոլորտները:

Համագործակցութեան չորս հիմնական ուղղութիւններն են.

ա.- Հաստատութիւններու հզօրացում եւ պատշաճ կառավարում.

բ.- Տնտեսական զարգացում եւ շուկայական հնարաւորութիւններ.

գ.- Միակցուածութիւն, ուժանիւթի արդիւնաւէտութիւն, շրջակայ միջավայր եւ կլիմա.

դ.- Շարժունակութիւն եւ մարդոց միջեւ շփումներ:

Գործընկերութեան առաջնահերթութիւնները Հայաստանի համար ԵՄ օժանդակութեան հիմքն են: ԵՄն 2017-2020 թուականներուն ընթացքին Հայաստանին պիտի յատկացնէ շուրջ 160 միլիոն եուրօ:

<<Գործընկերութեան առաջնահերթութիւններուն միջոցով Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը առաւել կ՛ընդլայնեն գոյութիւն ունեցող ամուր բարեկամական յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը: Զուգորդուած մեր նոր համաձայնագիրին հետ, զոր ստորագրած ենք միայն երեք ամիս առաջ, Պրիւքսէլի մէջ կայացած Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին ընթացքին, մենք կը վերահաստատենք դրական արդիւնքներու ձեռքբերման ուղղուած մեր համատեղ յանձնառութիւնը այն ոլորտներուն մէջ, որոնք իսկապէս կրնան դէպի դրականը փոխել մարդոց կեանքը, թէ՛ Եւրոպական Միութեան մէջ եւ թէ Հայաստանի: Մենք կը շարունակենք մեր ներգրաւուածութիւնն ու գործունէութիւնը եւ կ՛աշխատինք այդ յանձնառութիւնները իրականութիւն դարձնելու ուղղութեամբ>>, յայտնեց ԵՄ Բարձր ներկայացուցիչ, փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement