By Asbarez | Saturday, 24 February 2018
ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Փետրուար 20-23ին, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացին:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը կը յայտնէ, թէ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը իր մտահոգութիւնը արտայայտած է պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի հիւանդութեան պատճառով անցնող տասը տարիներուն ստեղծուած անցանկալի զարգացումներուն առնչութեամբ, որոնք <<լուրջ անհանգստութիւն եւ ընդվզում յառաջացուցած են աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին մէջ>>:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ մինչ պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւնը նոր յոյս ներշնչած է պատմական Աթոռը գահակալով օժտելու եւ պոլսահայութեան բնականոն կեանքը վերականգնելու առումով, կարճ ժամանակ անց, եկեղեցական մարմիններու եւ անհատներու <<անշրջահայեաց քայլերուն իբրեւ հետեւանք>> ստեղծուեցաւ իրավիճակ մը, որ առիթ տուաւ արտաքին ներազդեցութիւններու եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն միջամտութեան՝ դարձեա՛լ ձախողութեան մատնելով պատրիարքական ընտրութիւններու կազմակերպման ի նպաստ ներդրուած ջանքերը:
Աւարտին, յայտարարութեան մէջ կը նշուի. <<Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի յորդորն է Կրօնական ժողովի անդամներին եւ համայնքում հանգամանք ու հեղինակութիւն ունեցող աշխարհական հայորդիներին՝ միաբան ու համախորհուրդ, Հայոց եկեղեցու կանոնների եւ օրինական պահանջների պահպանմամբ հետամուտ լինել երկարամեայ ծանր հիւանդութեան մէջ գտնուող ամենապատիւ Մեսրոպ պատրիարքին անգործունեայ ճանաչելուն եւ պետութեան հետ սահմանուած ընթացակարգով պատրիարքական ընտրութիւնների կազմակերպմանը՝ ի պայծառութիւն Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան եւ ի մխիթարութիւն մեր բարեպաշտ ժողովրդի: Մեր ակնկալութիւնն է Թուրքիայի իշխանութիւններից, որ ընդառաջեն Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնների կազմակերպման հայ համայնքի արդար պահանջին: Հանդարտութեան հրաւէր ենք ուղղում նաեւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովրդին՝ ողջախոհութեամբ եւ զսպուածութեամբ առիթ ընձեռելու Պոլսոյ աթոռին՝ յաղթահարելու ստեղծուած կացութիւնը>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ