By Asbarez | Saturday, 24 February 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Ուրբաթ, Փետրուար 23ին կայացած է Հայաստանի իշխող համախոհ կառավարութեան մաս կազմող՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) պատգամաւորներուն հետ Հայաստանի նախագահի պաշտօնի թեկնածու Արմէն Սարգսեանի հանդիպումը, որմէ ետք ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտնեց. <<Պարոն Արմէն Սարգսեանը կարճ ելոյթով հանդէս եկաւ, ներկայացուց իր պատկերացումները՝ ոչ միայն նախագահի պաշտօնին վրայ իր գործունէութեան, այլեւ 21րդ դարու այս փուլին Հայաստանի զարգացման ուղղութիւններուն, մեր երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ երիտասարդութեան առաքելութեան վերաբերեալ>>։
Ան աւելցուց. <<Սարգսեանը նախագահի թեկնածու կ՛առաջադրեն համախոհ կառավարութեան անդամ երկու խմբակցութիւններու պատգամաւորները, եւ հանդիպման ընթացքին կայացաւ այդ որոշումը>>՝ աւելցնելով, որ Արմէն Սարգսեանի թեկնածութիւնը առաջադրելու համար անհրաժեշտ ստորագրութիւնները արդէն իսկ կը հաւաքուին:
<<Եթէ սխալ չեմ, 60 ստորագրութիւն արդէն հաւաքուած է: Նախագահի թեկնածու առաջադրելու համար անհրաժեշտ է պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի միայն քառորդին ստորագրութիւնը, սակայն արդէն բաւարարէն երկու անգամ աւելի ստորագրութիւն հաւաքուած է>>, ըսաւ Վարդանեան՝ աւելցնելով. <<Արմէն Սարգսեանը այսօր արդէն իսկ երկու կուսակցութիւններու պատգամաւորներուն համատեղ թեկնածուն է>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ