Նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց նախարար Վիգէն Սարգսեանը

By Asbarez | Tuesday, 27 February 2018

0227Pago_VickenSargsyan

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Շաբաթ, 24 Փետրուարին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքին համաձայն՝ հանդիպումին, որուն կը մասնակցէր Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, քննարկուեցան բանակաշինութեան եւ այդ բնագաւառին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններուն համագործակցութեան  վերաբերող շարք մը հարցեր:


comments