Ծառուկեան խմբակցութիւնը կողմ պիտի քուէարկէ Արմէն Սարգսեանի թեկնածութեան. Գագիկ Ծառուկեան

By Asbarez | Tuesday, 27 February 2018

0227Dzarougian

Ըստ <<Վերելք>>ի՝ Ազգային ժողովի <<Ծառուկեան>> խմբակցութիւնը կողմ պիտի քուէարկէ Արմէն Սարգսեանի թեկնածութեան: Այս մասին Երկուշաբթի օր յայտարարեց ԲՀԿի առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան: Ըստ վերջինիս՝ սոյն որոշումը տրուած է, որովհետեւ երկրին առաջ ծառացած  շարք մը հարցերու վերաբերեալ իրենց եւ Արմէն Սարգսեանի տեսակէտները կը համընկնին:

<<Ճանաչում եմ Արմէն Սարգսեանին. նրա մօտեցումներն ու պատրաստակամութիւնը ծանօթ են: Այսօր նա ասում է այն, ինչը մեր նպատակն ու ցանկութիւնն է՝ արտագաղթը դադարի, ներգաղթ լինի, մարդիկ վերադառնան, երկիր ներդրումներ արուեն եւ այլն>>, <<Ծառուկեան>> խմբակցութեան պատգամաւորներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Ծառուկեան, որ

նշեց, թէ Արմէն Սարգսեան ունի հեղինակութիւն եւ յարգանք եւ յոյս ունի, թէ ան կը կարենայ զանոնք պահել նոյն ձեւով, պէտք է տալ հնարաւորութիւնը Սարգսեանին իր խոստումները կեանքի կոչելու համար:

 



comments