By Aztag Daily | Wednesday, 28 February 2018

Երէկ Ազգային ժողովի ՀՅԴ, Ելք եւ Ծառուկեան խմբակցութիւնները կողմ քուէարկեցին վարկանշային ընտրակարգը հանելու նախագիծին:
Ազգային ժողովին մէջ քննարկուեցաւ «Ծառուկեան» խմբակցութեան կողմէ ներկայացուած Հայաստանի Հանրապետութեան Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին հարցը, որուն գլխադասային յանձնախումբը տուած էր բացասական եզրակացութիւն:
Վարման կարգով ելոյթ ունեցաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Վերջինս ընդգծեց, որ այս փոփոխութիւնը կրնայ յաջողիլ, եթէ համաձայնեցուած ըլլայ:
«Մենք պէտք է շարունակենք այս հոլովոյթը` հասնելու համաձայնութեան: Այս ընտրակարգը կը նկատենք հակաժողովրդավարական: Անիկա պէտք է փոխուի», ընդգծեց ան:
Հարցը դրուեցաւ քուէարկութեան, եւ բացի ՀՀԿ-էն միւս խմբակցութիւնները կողմ քուէարկեցին: Այսուհանդերձ նախագիծը մերժուեցաւ` 39 կողմ, 56 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ