By Asbarez | Saturday, 03 March 2018
ԵՐԵՒԱՆ - Ուրբաթ, 2 Մարտին, սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի հիմնադրման 100 ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները եւ 11րդ սկաուտական բանակումները կազմակերպելու նպատակով կազմուած միջգերատեսչական յանձնաժողովի անդրանիկ նիստը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով նիստի մասնակիցները, նախարարը ըսաւ. <<Ուրախ եմ, որ վարչապետի որոշմամբ՝ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած միջոցառումները պատշաճ կազմակերպելու նպատակով ստեղծուել է միջգերատեսչական յանձնաժողով: Խորհրդանշական է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերի100 եւ Երեւանի 2800 ամեակին զուգահեռ նշելու ենք Սփիւռքի խոշորագոյն երիտասարդական կազմակերպութեան 100ամեակը: ՀՄԸՄի պատմութիւնը հայոց պատմութեան մի մասն է: Եւ պէտք է իւրաքանչիւրս մեր մասով հնարաւոր ամէն ինչ անենք յոբելեանական միջոցառումները լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու համար>>:
Իր ելոյթում ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի նախագահին, վարչապետին, երկու կաթողիկոսներուն յոբելենական միջոցառումներու կազմակերպման աջակցելու եւ հովանաւորելու համար:
<<Մեր կազմակերպութիւնը ծնած է 100 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ, բայց համարեա անմիջապէս, նախարար Նիկոլ Աղբալեանի հրաւէրով տեղափոխուած է Հայաստան: Թէեւ այսօր, Սփիւռքի մէջ ենք, բայց կ՛ապրինք Հայաստանով: Մեր կազմակերպութիւնը Հայաստանի ու Սփիւռքի միաւորման միասնականութեան խորհրդանիշն է: Շնորհակալութիւն սփիւռքի նախարարութեան, որ մեր գործընկերն է, եւ մեր կողքին է մեր փոքր ու մեծ բոլոր ձեռնարկներուն ընթացքին>>:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան հանգամանօրէն ներկայացուց կազմակերպութեան 100ամեակին նուիրուած միջոցառումներու ծրագիրը եւ քննարկման միջոցով բոլոր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները ճշդեցին իրենց ընելիքները:
Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում հասարակական կազմակերպութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան նշեց, որ տօնակատարութիւններէն առաջ պիտի կազմակերպուի մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին տեղեկութիւններ ՀՄԸՄի սկաուտական 11րդ բանակումին, ՀՄԸՄի մէկդարեայ գործունէութեան նուիրուած գիտաժողովին, ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած նամականիշի թողարկման եւ Գիւմրիի մէջ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն վերաբերեալ: <<Բանակումին մասնակցելու են 1100ից աւելի սկաուտներ աշխարհի 26 երկրներից, 600 երիտասարդ Հայաստանից>>, աւելցուց Յակոբեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ