Հայաստանի մէջ իրականացուեցաւ ցօղունային բջիջներու հինգերորդ փոխպատուաստումը

By Asbarez | Saturday, 03 March 2018

0303stemcell

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.- Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Արիւնաբանական կեդրոնի ոսկրածուծի փոխպատուաստման բաժանմունքին մէջ յաջողութեամբ իրականացուեցաւ ցօղունային բջիջներու հինգերորդ փոխպատուաստումը: Բազմակի միելոմա ախտորոշումով 40ամեայ հիւանդին համար փոխպատուաստումը բուժման փուլ մըն է, ոը հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ վերադառնալու առօրեայ կեանքին:

Փոխպատուաստումը իրականցուցին բաժանմունքի բժիշկները՝ տնօրէն Սմբատ Դաղբաշեանի եւ Ֆրանքֆուրթի բժշկական կեդրոնի բժիշկ Ուլրիխ Պիցի գլխաւորութեամբ:

Գերմանացի բժշկապետը արդէն երրորդ անգամն է, որ կը մասնակցի հայ բժիշկներու խումբին կողմէ իրականացուող փոխպատուաստումներուն:

40ամեայ Սարգիսը լաւատես է եւ վստահ, որ մշակուած եւ սառեցուած իր իսկ ցօղունային բջիջներու փոխպատուաստումը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:

 



comments