Հայաստանի մէջ կիներուն կարելիութիւնները տակաւին լիարժէք ձեւով չեն օգտագործուիր - Նախագահ Սարգսեան

By Asbarez | Tuesday, 06 March 2018

 

0306serj

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Կիրակի, 4 Մարտին, Ծաղկաձորի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան կիներու խորհուրդին կազմակերպած սեմինարին մասնակցող անդամներուն եւ շրջանային ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Արցախի տարբեր քաղաքական ուժեր ներկայացնող կիներ:

Աւանդական դարձած սեմինարին ընթացքին Հանրապետական կուսակցութեան անդամ կիները ներկայացուցին 2017ի իրենց աշխատանքներուն տեղեկագիրը, ապա քննարկեցին 2018ին նախատեսուած աշխատանքներն ու կիներու խորհուրդին սեղանին գտնուող հարցերը:

Հանրապետական կուսակցութեան անդամ կիներ նախագահ Սարգսեանէն խնդրեցին կարեւոր եւ արդիական շարք մը հարցերու վերաբերեալ տեսակէտներ եւ դիրքորոշումներ ներկայացնել:

Այդ հարցերը կը վերաբերէին երկրին արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, ընկերային-տնտեսական վիճակին, կրթութեան մարզի բարեփոխումներուն, ժողովրդագրական հարցերուն եւ անոնց լուծման հեռանկարներուն:

Նախագահ Սարգսեան հանդիպումին ընթացքին պարգեւներ յանձնեց Հանրապետական կուսակցութեան կիներու խորհուրդի անդամներուն, ինչպէս նաեւ մետալներով պարգեւատրեց Հանրապետական կուսակցութեան կիներու խորհուրդի անդամներ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Կարինէ Աճէմեանը եւ Մարգարիտ Եսայեանը՝ Հայաստանի հասարակական-քաղաքական կեանքին եւ օրէնսդրական հոլովոյթին մէջ անոնց ունեցած աշխոյժ մասնակցութեան համար:

Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց աւանդական դարձած այդ հանդիպումը, որուն ընթացքին ազատ եւ անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ կը քննարկուին հանդիպումին մասնակիցները հետաքրքրող հարցեր, անդրադարձ կը կատարուի պետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն եւ արդիական հարցերուն, կուսակցական գործունէութեան եւ այդ շրջագիծին մէջ կիներուն կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն:

Յառաջիկայ 8 Մարտին զուգադիպող Կիներու միջազգային օրուան առիթով, նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց բոլոր ներկաները, անոնց մաղթելով երջանկութիւն, յաջողութիւն‘ աշխատանքի եւ անձնական կեանքի մէջ: <<Կիներէն շատ բան կախեալ է, թէ՛ ընտանիքին համերաշխութիւնը ապահովելու, թէ՛ ընդհանրապէս երկրի յաջողութիւնը ապահովելու առումով: Մեր երկրին մէջ կիներուն կարելիութիւնները լիարժէք ձեւով չեն օգտագործուիր>>, հաստատեց ան:

Հանդիպումի աւարտին, Հանրապետական կուսակցութեան կիներու խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սարգսեանին այդ հետաքրքրական հանդիպումին համար, եւ խորհուրդին կողմէ անոր նուիրեցին Արցախի Հատրութ շրջանի Տող գիւղի արուեստի դպրոցի սաներուն ձեռային աշխատանքներէն:

 



comments