Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այցելեց Գիւմրի

By Asbarez | Tuesday, 06 March 2018

 

0306karengarabedian

ԵՐԵՒԱՆ - Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Շաբաթ, 3 Մարտին, Երեւան-Գիւմրի գիծին վրայ աշխատիլ սկսած նոր գնացքով մեկնեցաւ Գիւմրի՝ ծանօթանալու համար Շիրակի մարզի եւ համայնքներու զարգացման 2017ի ծրագիրներու շրջագիծին մէջ իրականացած աշխատանքին եւ 2018ին կատարուելիք աշխատանքներուն մանրամասնութիւններուն:

Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեան յայտեց, որ նախորդ տարուան ընթացքին Շիրակի մէջ իրականացած են 22 միլիառ դրամի ներդրումային ծրագիրներ, մինչ 2016ին ներդրումներու գումարը հասած էր 11.4 միլիառ դրամի: Ան նշեց նաեւ, որ ակնկալութիւններ կան, որ 2018ին ներդրումային ծրագիրներու ծաւալը հասնի 36 միլիառ դրամի:

Ա. Խաչատրեան զեկուցեց, որ Շիրակի մարզին մէջ աշխատատեղիներու թիւը, որ 2017ին հասած էր 23,517ի, 2018ին պիտի հասնի 27,000ի: Ըստ Խաչատրեանի՝ զգալի թիւով աշխատատեղեր պիտի ստեղծուին թեթեւ արդիւնաբերութեան, ծառայութիւններու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ:

Վարչապետ Կարապետեան կարեւոր նկատեց սեփական եկամուտները աւելցնելու իմաստով առնուած քայլերը, պահանջելով նոյն ատեն յստակացնել վիճակագրական տուեալները:

Ան յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի հիմնէ արձանագրութեան վարչական հիմնարկ մը, որ յատուկ խմբակներով մարզպետներուն հետ պիտի գործէ՝ վիճակագրութեան աշխատանքը կատարելու համար: <<Այդ մէկը երկու-երեք տարուան աշխատանք է, որպէսզի թուային ճշգրիտ տուեալներ ունենանք, բայց պէտք է համայնքներու ղեկավարներուն հետ սերտ աշխատանք կատարուի եւ տեղեկութիւններ տրամադրուին: Այն համայնքը, որ շատ աճ ունենայ՝ զայն պիտի  ֆինանսաւորենք, որպէսզի անոնք քաջալերուին: Իսկ ով որ աւելի շատ եկամուտ կարենայ ապահովել՝ ամէնէն շատ օժանդակութիւնը պիտի ստանայ>>, ըսաւ վարչապետը:

Մարզպետ Խաչատրեան նշեց, որ համայնքներուն պիւտճէները արդէն իսկ ծրագրուած են եւ կը նախատեսուի, որ այս տարուան ընթացքին այդ պիւտճէները 13 առ հարիւրի աճ մը արձանագրեն:

Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուեցան նաեւ առողջապահութեան մարզին մէջ վճարովի ծառայութիւններուն եւ բժշկական կեդրոններուն կուտակած պարտքերուն հարցը, աղբ հաւաքելու եւ աղբանոցներու թղթածրարը, սպանդանոցներու վերաբերող հարցերը, ճամբաներու վերանորոգում եւ ենթակառոյցի զարգացման կարելիութիւնները:

 



comments