Վահան Տէր Ղեւոնդեան Մատենադարանի տնօրէն ընտրուեցաւ

By Asbarez | Wednesday, 07 March 2018

 

0307vahan

ԵՐԵՒԱՆ - Մատենադարանի՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկի տնօրէն ընտրուեցաւ Վահան Տէր Ղեւոնդեան:

Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ 6 Մարտին, Մատենադարանի հին գիտական մասնաշէնքին մէջ կայացած Հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստի վերջին շրջանին, Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեան տնօրէն ընտրուեցաւ միաձայնութեամբ՝ 19 կողմ ձայնով:

Մատենադարանի Հոգաբարձուներու խորհուրդը յայտարարած էր բաց մրցոյթ՝ տնօրէնի թափուր պաշտօնին: Պաշտօնը զբաղեցնելու համար դիմած էր միայն Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեան:

 



comments