By Asbarez | Wednesday, 07 March 2018
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Ապառռաժ>> - Շաբաթ, 3 Մարտին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի <<Դաշնակցութիւն>> խմբակցութեան պատգամաւոր Լեռնիկ Յովհաննիսեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի Քաշաթաղ շրջանի Քաշունիք համայնքի բնակիչներուն հետ:
Լեռնիկ Յովհաննիսեան հանդիպումին սկիզբը ներկայացուց Ազգային ժողովի <<Դաշնակցութիւն>> խմբակցութեան գործունէութիւնը, Ազգային ժողովին կողմէ քննարկուող եւ ընդունուած շարք մը օրէնքներ:
Անդրադառնալով 2016ի ապրիլեան պատերազմին ընթացքին ի յայտ եկած կարգ մը օրէնսդրական թերութիւններու՝ Լեռնիկ Յովհաննիսեան յայտնեց, որ իր գործընկերներուն հետ նախաձեռնած են <<Պաշտպանութեան եւ զինապարտութեան մասին>> օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարել, եւ այժմ, արդէն իրենց առաջարկած կարգ մը փոփոխութիւնները ոյժի մէջ մտած են:
Քաշունիքի բնակիչները բարձրացուցին համացանցային կապի բացակայութեան, դէպի գիւղ տանող ճանապարհներու վերանորոգումին, դպրոցի շէնքի ջրամատակարարման եւ բնագիտութեան դասաժամերուն գործնական փորձերու ապահովման հարցերը:
Լեռնիկ Յովհաննիսեան խոստացաւ հետամուտ ըլլալ ներկայացուած հարցերու լուծման ուղղութեամբ:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Քաշաթաղի կոմիտէի ներկայացուցիչ Արին Գալստեան եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ