ՀՄԸՄը Յուլիսին Շարք Մը Նախաձեռնութիւններով Պիտի Նշէ Իր 100ամեակը

By Asbarez | Saturday, 10 March 2018

0310hmem


ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - Այս տարի ՀՄԸՄը իր հիմնադրութեան 100ամեակը կը նշէ տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ հանդիսութիւններով, որոնց մասին հանրային կարծիքը իրազեկ դարձնելու նպատակով Հինգշաբթի, Մարտ 8ին, <<Աղբալեան-ՀՄԸՄ>> մարզամշակութային համալիրի <<Հրայր Մարուխեան>> ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը՝ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի եւ անդամներ Վաչէ Նաճարեանի ու Իշխան Եղիայեանի, նաեւ ներկայութեամբ ՀՄԸՄի Լիբանանի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ մամլոյ ու լսատեսողական միջոցներու ներկայացուցիչներու:

Մկրտիչեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 19-29 Յուլիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք տարբեր նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը վայելեն Հայաստանի  նախագահութիւնը եւ Գարեգին Բ. ու Արամ Ա. կաթողիկոսներու հովանաւորութիւնը։

100ամեակի ձեռնարկները ընթացք պիտի առնեն Համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումին բացումով՝ Բիւրականի մէջ: Նոյն օրը, Բիւրականի մէջ ՀՄԸՄի աշխարհասփիւռ 110 մասնաճիւղերու անունով բացումը պիտի կատարուի յուշաքանդակի մը, որ կրկնօրինակն է միութեան 90ամեակին առիթով Տէր Զօրի մէջ տեղադրուած յուշաքանդակին:

20 Յուլիսը պիտի ըլլայ խորհրդանշական օր մը, երբ 100ամեայ միութեան դրօշակը պիտի ծածանի Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ուր նաեւ պիտի կատարուի ջահավառութիւն՝ Փարիզէն (ՀՄԸՄի հիմնադիրներէն՝ Գրիգոր Յակոբեանի գերեզմանէն), Պոլիսէն (ՀՄԸՄի հիմնադիրներէն՝ Յովհաննէս Հինդլեանի գերեզմանէն) եւ Անթիլիասէն (Նահատակաց մատուռէն) բոցավառած եւ հայրենիք հասած ջահերու միացումով: Անկէ ետք պիտի կատարուի ծառատունկ՝ միեւնոյն վայրերէն բերուած հողերու միախառնումով: ՀՄԸՄի թանգարանին մէջ պահուած կարեւոր եւ պատմական իրեր այս առիթով պիտի տարուին Երեւան՝ Ցեղասպանութեան թանգարան, ուր այս տարուան ընթացքին մնայուն ցուցադրութեան պիտի դրուին:

Մկրտիչեան ըսաւ, թէ 21 Յուլիսին բացումը պիտի կատարուի ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի կեդրոնի մուտքին զետեղուելիք հիմնադիրներու քանդակներուն: Անկէ ետք Երեւանի փողոցները պիտի թնդան մեծաթիւ սկաուտներու խրոխտ տողանցքով, որ իր աւարտին պիտի հասնի համախմբման կէտին մէջ՝ Հանրապետութեան հրապարակը, ուր պիտի կատարուի հանդիսաւոր արարողութիւն:

22 Յուլիսին համայն ՀՄԸՄականներ ննջեցեալներու եւ նահատակ միութենականներու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի Եռաբլուրի մէջ: Յաջորդ օրը յատուկ մարդատարներ այս նախաձեռնութիւններուն մասնակիցները պիտի փոխադրեն Գիւմրի, ուր հրապարակին շրջակայքը՝ եկեղեցւոյ կից, Հեղնար աղբիւրի կողքին, բացումը պիտի կատարուի Հայ Մարմնակրթական շարժումի ամէնէն եռանդուն եւ նուիրեալ գործիչներէն՝ Գիւմրիի մէջ որբախնամութիւն կատարած եւ որբերէն սկաուտներ պատրաստած Վահան Չերազի արձանին:

24 Յուլիսին, Օփերայի դահլիճին մէջ մեծ շուքով պիտի կայանայ 100ամեակի հանրային պաշտօնական հանդիսութիւնը, իսկ 25 Յուլիսին, կառավարութեան շէնքին մէջ՝ գիտաժողով, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն դասախօսներ ու մասնագէտներ: Յաջորդ օրը ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթերու գործածութեան մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ, ինչպէս նաեւ նախկին խմբապետներու հաւաք ու խարուկահանդէս՝ Բիւրականի մէջ:

28 Յուլիսին Ծիծեռնակաբերդի մէջ դրօշակները վար պիտի առնուին՝ իբրեւ փակում միութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն, ՀՄԸՄի դրօշակը պիտի յանձնուի թանգարանին, իսկ Եռագոյնը՝ ՀՄԸՄին. նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի պաշտօնական փակումը, իսկ յաջորդ օրը <<Փարաւոն>> ճաշարանին մէջ պիտի տրուի հանրային փակման ճաշկերոյթ:

Ապա, Վաչէ Նաճարեան ներկայացուց Բիւզանդ Թորիկեանի աշխատասիրած ՀՄԸՄի պատմութեան 4 հատորներուն, ինչպէս նաեւ սկաուտական տարբեր գիրքերու թուայնացման յատկացուած կայքերը, որմէ ետք Աւօ Մումջօղլեան տեղեկութիւններ փոխանցեց 100ամեակին նուիրուած իրերուն յատուկ առցանց վաճառքի կեդրոնին մասին։

Աւարտին, ներկաները դիտեցին ու լսեցին ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած երգը, որուն բառերու հեղինակն է Ներսեհ Լիպարեան, երաժշտական յօրինումը կատարած է Վահրամ Էմմիեան, իսկ մեկնաբանութիւնը՝ Գառնիկ Սարգիսեան։

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement