Անվտանգութեան Խորհուրդը՝ առանց Հայաստանի եւ Ազգային Ժողովի նախագահներուն

By Asbarez | Saturday, 10 March 2018

0310NA

ԵՐԵՒԱՆ - Ազգային ժողովը 7 Մարտին, 8 դէմ 86 թեր ձայներով ընդունեց <<Անվտանգութեան խորհրդի կազմաւորման եւ գործունէութեան մասին>> օրէնքի նախագիծը, որ լուրջ քննադատութեան պատճառ դարձած էր:

Ըստ նախագիծի հիմնական փոփոխութեան՝ այսուհետեւ վարչապետն է, որ պիտի ղեկավարէ Անվտանգութեան խորհուրդը: Նախագիծի հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ անիկա պայմանաւորուած է սահմանադրական փոփոխութիւններով: 2005ի սահմանադրութեան համաձայն՝ նախագահը կը կազմէ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդ եւ կը նախագահէ անոր: Իսկ 2015ի սահմանադրական փոփոխութիւններով՝ հաստատուած են կառավարութեան վերաբերեալ նոր իրաւական կարգաւորումներ, որոնք պայմանաւորուած են խորհրդարանական համակարգի անցումով: Ազգային ժողովին կողմէ նախագիծին ընդունուիլը կը նշանակէ, որ նոր կարգաւորումները ուժի մէջ պիտի մտնեն 9 Ապրիլէն սկսեալ: Այսինքն այն օրը, երբ վերջ պիտի գտնէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարման շրջանը եւ ամենայն հաւանականութեամբ ան իր լիազօրութիւնները պիտի վերագտնէ որպէս վարչապետ:

Գործնականին մէջ, այս կը նշանակէ, որ Սերժ Սարգսեան պիտի շարունակէ ղեկավարել Հայաստանի առանցքային ոլորտները: Այսուհետեւ Անվտանգութեան խորհուրդին մաս չի կազմեր նաեւ Ազգային ժողովի նախագահը:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը տակաւին պաշտօնապէս չէ յայտարարած, որ Սերժ Սարգսեանը վարչապետի իրենց թեկնածուն է, բայց ոչ պաշտօնապէս՝ այդ մասին կը խօսուի ամէն տեղ:

Աւելցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով վերջերս յայտարարեց, որ կուսակցութիւնը 9 Ապրիլին՝ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարման շրջանի աւարտին յաջորդող շաբաթուան ընթացքին պիտի ընտրէ ու առաջադրէ վարչապետի իր թեկնածուն:

Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ գտնուող <<Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին>> եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու ծրարի քննարկման ընթացքին, Արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան նշեց, որ համաձայն նախագիծին՝ կառավարութեան կազմը պիտի բաղկանայ վարչապետէ, առաջին փոխվարչապետէն, երկու փոխվարչապետերէ եւ 17 նախարարներէ:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement