Պիտի ունենանք տրամաբանական, զարգացող եւ արդար երկիր - Վարչապետ Կարապետեան

By Asbarez | Friday, 16 March 2018

0316garen

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ անոր ընկերակցող պետական պատուիրակութեան Լիբանան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, Երեքշաբթի երեկոյեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ կազմակերպուած էր հանդիպում մը, որ տեղի ունեցաւ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող հոգեւոր, ազգային եւ կուսակցական պատասխանատուներու եւ լիբանանահայ գործարար շրջանակի ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպումին վարչապետ Կարապետեան անդրադարձաւ Հայաստանի կառավարութեան կատարած բարեփոխումներուն՝ ըսելով. <<Բառացիօրէն բոլոր ոլորտներուն մէջ կան փոփոխութիւններ՝ կառավարման համակարգ, հարկային, մաքսային, հակափտածութիւն, կրթական, առողջապահական, տեղեկատուական արհեստագիտութիւն, գիւղատնտեսութիւն, դատական համակարգ եւ այլն։ Մեր արտաքին քաղաքականութեան շնորհիւ մենք Հայաստանի մէջ  կրցած ենք ապահովել հարթակ մը, ուր կրցած ենք համատեղել անհամատեղելին. նկատի ունիմ Եւրասիական Միութեան մեր անդամակցութիւնը, Եւրոպական Միութեան հետ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, Իրանի հետ մեր բարեկամական յարաբերութիւնները եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու հետ, օրինակ՝ Միացեալ Նահանգները, Գանատան, Ճափոնը, Նորվեկիան, Զուիցերիան: Ասիկա առիթ կու տայ, տեղակայուելով Հայաստանի մէջ, ունենալով ձեռնարկութիւն, առեւտուր ընել Հայաստանի մէջ, մտնել շատ աւելի մեծ շուկաներ։ Վստահ եղէք, որ մենք պիտի ունենանք տրամաբանական, զարգացող եւ արդար երկիր: Այդ երկրի կառուցման մէջ ձեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ իր բաժինը բերել: Անպատճառ ուշադրութիւն դարձուցէ՛ք Հայաստանի վրայ, ստեղծեցէ՛ք ձեր անկիւնը, նաւահանգիստ, բան մը, որ ձեզի վստահութիւն պիտի տայ>>։


comments