Արցախի զօրամասերէն մէկուն մէջ արկածի հետեւանքով զինուոր մը զոհուած է

By Asbarez | Saturday, 17 March 2018

0317zinvor

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ -15 Մարտի յետմիջօրէի ժամը 5։30ի շուրջ, Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, փորձերու ընթացքին տեղի ունեցած արկածի մը հետեւանքով զոհուած է 1999ի ծնունդ զինուոր Էդգար Գէորգի Երեմեան:

Արցախի Պաշտպանութեան բանակէն կը յայտնեն, որ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն։

<<Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն>>, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

comments