Ատրպէյճանի պահանջով Պոլսոյ մէջ արգիլուեցաւ Իրանահայ բեմադրիչի ֆիլմին ցուցադրութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 21 March 2018

0000IRANAHAY

Ատրպէյճանի պահանջով, Թուրքիոյ ներքին գործեժոց նախարարութիւնը արգիլեց Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող <<Ֆիլմմոր>> միջազգային շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին ցուցադրել իրանահայ բեմադրիչ Անահիտ Ապատի <<Եւա>> ֆիլմը:

<<Էրմենիհապեր>>ը կը փոխանցէ, թէ ֆիլմի ցուցադրութիւնը նախատեսուած էր 17 Մարտին, սակայն ցուցադրութենէն ժամեր առաջ Պոլսոյ նահանգապետարանը փառատօնի կազմակերպիչներուն տեղեկացուց ներքին գործոց նախարարութեան արգելքին մասին:

Փառատօնի կազմակերպիչներէն Մելեք Օզման յայտարարեց, որ ֆիլմը արգիլուած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան միջամտութեան հետեւանքով:

<<Ատրպէյճանի հիւպատոսարանը ֆրանսական մշակոյթի կեդրոն պաշտօնական դիմում ուղարկած էր՝ ֆիլմի ցուցադրութիւնը արգիլելու պահանջով: Մենք ֆիլմը ուղարկեցինք մշակութային կեդրոն, անոնք ալ դիտած էին ու եկած այն եզրակացութեան, որ ցուցադրութիւնը արգիլելու համար որեւէ պատճառ չկայ: Ֆիլմը կը պատմէ կնոջ մը մասին, որ կը փախչի Իրանի մէջ գտնուող իր նախկին ամուսինէն եւ ապաստան կը գտնէ Արցախի գիւղերէն մէկուն մէջ: Մենք չէին գիտեր, որ Ատրպէյճան պետական մակարդակով շատ զգայուն է այդ թեմային նկատմամբ: Մենք ըսինք, որ ֆիլմին մէջ որեւէ մէկը նուաստացնող խօսքեր չկան, եւ մենք չենք կրնար հետեւիլ իւրաքանչիւր պետութեան համար զգայուն թեմաներուն: Բայց Ատրպէյճանի կառավարութիւնը տարբեր մակարդակներով դիմեց արտաքին գործոց նախարարութիւն, նոյնիսկ մինչեւ նախարար հասան. եւ իբրեւ արդիւնք՝ Ատրպէյճանի կառավարութեան պահանջով, Թուրքիոյ մէջ ֆիլմին ցուցադրութեան դէմ միջոցներ ձեռնարկուեցան եւ ահա՝ վերջաւորութեան եկաւ արգիլող գրութիւնը>>, պատմեց Օզման:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement