By Asbarez | Thursday, 15 December 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի բարեկամ, Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի հրաւէրով, Հայաստան ժամանած է Հոնկ Քոնկի գործարար, Ընկերութիւններու համաշխարհային խումբի նախագահ Ճոնի Հոնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ ցանկութիւն յայտնած է ծանօթանալու Հայաստանի ներդրումային դաշտին:
Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեանի համաձայն, պատուիրակութիւնը յատկապէս հետաքրքրուած է հանքարդիւնաբերութեան, դրամատնային եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտներով: «Յոյս ունենք, որ կը կարողանանք նրանց հետաքրքրել մեր առաջարկութիւններով, այսպիսով՝ համագործակցութեան էլ աւելի ամուր հիմք դնելով Չինաստանի, մասնաւորապէս Հոնկ Քոնկի հետ, որը «մոդերն» տնտեսական համակարգի կողմնակիցն է», ըսաւ միութեան նախագահը:
Ք. Քոքս Հայաստանի համար լաւագոյն նուէրը համարեց Ասիայէն ներդրողներ հրաւիրելը: «Ասիկա ճանաչողական այցելութիւն է՝ պարզելու համար, թէ ի՞նչ են յարմար ոլորտներն ու վայրերը՝ Ասիայէն ներդրումներ ներգրաւելու համար», ըսաւ պարոնուհին:
Հոնի կարծիքով, Հայաստանի մէջ չինական ներդրումներուն մակարդակը շատ ցած է: «Նպատակ ունինք Հայաստանի մէջ ներդրումային հնարաւորութիւններ գտնել», ըսաւ Հոնկ Քոնկէն ժամանած գործարարը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ