By Asbarez | Friday, 23 March 2018
Լոնտոնի <<Արսենալ>> ֆութպոլի խումբի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան 22 Մարտին ստացաւ Հայաստանի 2017ի լաւագոյն ֆութպոլիստի մրցանակը: Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Աւանի Ֆութպոլի ակադեմիոյ մէջ, ուր Հայաստանի ազգային հաւաքականը հաւաք ունի այս օրերուն:
Դեկտեմբերին Մխիթարեան 8րդ անգամն ըլլալով, անընդմէջ ճանչցուած է Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստ: Երկրորդ տեղը գրաւած էր մակեդոնական <<Վարդար>> խումբի յարձակող Տիգրան Բարսեղեան, իսկ ռուսական <<Ուրալ>> խումբիի պաշտպան Վարազդատ Հարոյեան եզրափակած էր եռեակը: Բարսեղեան եւ Հարոյեան նոյնպէս ստացան իրենց մրցանակները:
Յիշեցնենք, որ այս օրերուն Հենրիկ Մխիթարեան Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ կը պատրաստուի Էսթոնիոյ (Մարտ 24) եւ Լիթուանիոյ (Մարտ 27) դէմ Երեւանի մէջ կայանալիք ընկերական հանդիպումներուն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ