By Asbarez | Tuesday, 27 March 2018

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ 21 Մարտ 2018ին ընթացք առած Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած համահայկական համաժողովը, 23 Մարտին աւարտեց իր աշխատանքները:
Ընդամէնը տասը նիստերէ բաղկացած համաժողովին վերջին չորս նիստերը քննեցին 1918 թուականէն 1991 թուականներուն ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ինչպէս՝ Ղարաբաղի Ատրպէյճանին յանձնումը, 1960-70ական թուականներուն Հայաստանի այլախոհական շարժումները եւ խորհրդային կարգերուն մէջ անկախութեան գաղափարի պահպանումը (զեկուցաբերներ՝ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, Դոկտ. Ամատունի Վիրապեան, Միքայէլ Հաճեան, ատենապետ՝ Դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան): Նիստերը նաեւ յաջորդաբար քննարկեցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Հայաստանի անկախութեան գաղափարախօսութեան պահպանումը (զեկուցաբերներ՝ Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, Փրոֆ. Էտիկ Մինասեան եւ Խաչատուր Ստեփանեան, ատենապետ՝ Շահան Գանտահարեան), անկախութեան գաղափարախօսութեան պահպանումը հայ մշակոյթին մէջ (Դոկտ. Գուրգէն Վարդանեան, Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, Դոկտ. Մովսէս Հերկէլեան, Կարօ Յովհաննէսեան, Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան, ատենապետ՝ Ժիրայր Դանիէլեան) եւ վերջապէս՝ հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը Հայաստանի անկախութեան կերտման, պահպանման ու հզօրացման մէջ (զեկուցաբերներ՝ Դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան, Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան, ատենապետ՝ վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան):
Համաժողովին պաշտօնական փակումը կատարեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ իր խօսքին մէջ առաջին հերթին գնահատեց համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները ու ժողովականներուն ներկայութիւնը, որոնց շնորհիւ իրականացաւ նշանակալից եւ բարձրորակ եռօրեայ համաժողով:
Արամ վեհափառ պատմագէտներ՝ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին ու Երուանդ Փամպուքեանին պարգեւատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարձրագոյն կարգի շքանշանով՝ Իշխանի շքանշանով: Կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ պատմագէտները յարգանքի արժանի են իրենց տարած աշխատանքին համար: Ան նշեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանին մօտ ըլլալով երկուքը շատ բան սորված են անկէ ու դարձած են ազատ, անկախ Հայաստանի առաքեալներ: Անոնք մօտ ու գործակից եղած են նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ