Բանակի միջոցներու թալանման հետքերով քրական գործերու թիւը կրկնապատկուած է

By Asbarez | Friday, 30 March 2018

0330army

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - 2017ին 2016ի համեմատ Հայաստանի զինուած ուժերու մէջ արձանագրուած կաշառակերութեան ու թալանի յանցագործութիւններու հետքերով յարուցուած քրական գործերու թիւը կրկնապատկուած է:

Հայաստանի դատախազութեան հանրային կապերու բաժինը կը յայտնէ, որ 2017 թուականին բանակի մէջ արձանագրուած է կաշառակերութեան բնոյթի յանցագործութիւններու 116 դէպք‘ 2016 թուականի 57 դէպքի փոխարէն:

 



comments