Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչը հրաժարական կու տայ

By Asbarez | Saturday, 07 April 2018

 

0407petrosyan

ԵՐԵՒԱՆ - 6 Ապրիլին, Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան (ՀՖԴ) կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՖԴի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ազգային հաւաքականի մրցումներ ու արդիւնքները:

Քննարկման ընթացքին Արթուր Պետրոսեան ներկայացուց իր դիրքորոշումը եւ հիմնաւորումները՝ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ:

Նշուեցաւ, որ Ազգերու Լիկայի մրցաշարքին նախապատրաստուելու համար քիչ ժամանակ մնացած է, իսկ ազգային հաւաքականին պէտք են փոփոխութիւններ:

Արթուր Պետրոսեան ներկայացուց իր հրաժարականը, որ ընդունուեցաւ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ:

Նոր գլխաւոր մարզիչի անունը յայտնի կը դառնայ շուտով: Հաւանական գլխաւոր թեկնածու կը նկատուի նախկին մարզիչ Վարդան Մինասեան:


comments