Մարաղայի կոտորածի 26րդ տարելիցը յիշատակուեցաւ Նոր Մարաղայի մէջ

By Asbarez | Wednesday, 11 April 2018

0411maragha1

Երեքշաբթի, 10 Ապրիլին, Նոր Մարաղայի մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը՝ նուիրուած գիւղի կոտորածի 26րդ տարելիցին:

Ըստ <<Արցախփրէս>>ի՝ ներկաները նախ  ծաղիկներ խոնարհեցին Մարաղայի զոհուած  հերոսներու  յիշատակին կանգնեցուած յուշաքարին:

Այնուհետեւ գիւղի ազատագրման ժամանակ զոհուած հրամանատար Վագիֆ Համբարձումեանի անունը կրող միջնակարգ դպրոցի աշակերտները հանդէս եկան հայրենասիրական բանաստեղծութիւններով եւ երգերով:

Ելոյթ ունեցաւ դպրոցի տնօրէն Լիւդա Գրիգորեան, որ վերյիշելով 1992ի Մարաղայի դժնդակ դէպքերը՝ դատապարտեց բոլոր ոճրագործները:

Մարաղա գիւղի ինքնապաշտպանական ջոկատի հրամանատար, համայնքի ղեկավար Ռոմա Կարապետեան պատմեց, որ 1992ի Ապրիլ 9ի լոյս 10ի գիշերը, ատրպէյճանցի հրոսակները, կիրառելով տարբեր զինատեսակներ՝ հրետակոծած են գիւղը:

Ըստ անոր՝ Մարտակերտի շրջանի բոլոր ջոկատներու հրամանատարները նոյն օրը հրաւիրած էին խորհրդակցութեան եւ կազմած են Մարաղայի ազատագրման ծրագիրը:

Ան նշեց նաեւ, որ Մարաղայի վերջնական ազատագրումը իրականացաւ 10 Ապրիլ 1992ի գիշերը:

<<Մարաղայի ազատագրման  ժամանակ  զոհուեցան 51 խաղաղ բնակիչներ, պատանդ առնուեցան 38 ուրիշներ, որոնցմէ 24ը  յետագային փոխանակուեցաւ, իսկ 14 անձերու ճակատագիրը մինչ այսօր անյայտ  է>>, ըսաւ Կարապետեան:

Ձեռնարկին ներկայ էին Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Նուէր  Սայիեան, Արցախի ազատամարտիկներու միութեան Մարտակերտի  քաղաքային  կազմակերպութեան նախագահ Նիկոլայ Աւագիմեան, Մարաղայի բնակիչներ, հիւրեր եւ այլք:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement