Դաշնակցական նախարարները պիտի շարունակեն պաշտօնավարել

By Asbarez | Thursday, 12 April 2018

0412ar5dzvig

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Չորեքշաբթի, 11 Ապրիլին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, բնապահպանութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արծուիկ Մինասեան, անդրադառնալով իր յետագայ պաշտօնավարման հարցին՝ յայտնեց, որ քանի մը օրէն վերջնականապէս կը յստականայ իր եւ իր կուսակից նախարարներու հարցը:

<<Չեմ կարծում, որ առնուազն մեր մասով (ՀՅԴ խմբ.) կարող է փոփոխութիւն լինել, մանաւանդ որ կոալիցիոն համաձայնագրով եւ նախատեսուած ծրագրով ունենք բաւական մեծ անելիքներ>>, ըսաւ Մինասեան:

Անդրադառնալով Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան հարցին, Մինասեան յայտնեց, որ իր կարծիքով՝ որեւէ երկրի մէջ յաղթած ուժի առաջնորդը կը ստանձնէ պատասխանատուութիւնը:

Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, ՀՅԴ անդամ Դաւիթ Լոքեան եւս նշեց, որ պատրաստ է շարունակելու իր աշխատանքը իբրեւ նախարար, բայց աւելցուց, որ դեռ հարցը քննարկուած չէ եւ ինք չի գիտեր եթէ պիտի շարունակէ պաշտօնավարել, թէ ոչ:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement