Հայկական բանակը իր կառոյցին մէջ գիտական վաշտ պիտի ունենայ

By Asbarez | Thursday, 12 April 2018

0412army

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> - Հայաստանի կառավարութեան քննարկման ներկայացուած է որոշման նախագիծ մը, որուն հաստատումով առանձնակի յաջողութիւններու հասած երիտասարդներ զինուորական ծառայութենէ ժամանակաւորապէս պիտի ազատուին:

Ազգային ժողովին մէջ, Չորեքշաբթի, 11 Ապրիլին, այս նախագաիծին մասին խօսեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեան՝ պատասխանելով <<Ելք>> խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեանի հարցումին:

<<Առաջիկայ նիստերից մէկում նախագիծը կառավարութեան որոշման տեսքով ընդունուելու է: Նախագծում եղած չափորոշիչները կարելի է հիմք ընդունել>>, ըսաւ Վիգէն Սարգսեան:

Նախարարի պաշտօնակատարը աւելցուց, որ գործնական  քայլեր կը ձեռնարկուին զինուած ուժերու կառոյցին մէջ գիտական վաշտ ձեւաւորելու ուղղութեամբ՝ այն նորակոչիկներուն համար, որոնք իրենց գիտելիքները կրնան ծառայեցնել զինուած ուժերու հարցերու լուծման:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement