Նոյնիսկ 100 տոկոս տնտեսական աճի պարագային Հայաստանի բոլոր հարցերը չեն լուծուիր. Կարէն Կարապետեան

By Asbarez | Thursday, 12 April 2018

ԵՐԵՒԱՆ - 7.5 տոկոս, նոյնիսկ 100 տոկոս տնտեսական աճը բաւարար չէ Հայաստանի բոլոր հարցերու լուծման համար: Այս մասին Ազգային ժողովի հարցում-պատասանի ընթացքին յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան՝ պատասխանելով <<Ելք>> խմբակցութեան պատգամաւոր Մանէ Թանդիլեանի հարցումին, թէ <<ինչ տնտեսական աճ պիտի լինի Հայաստանում, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի իր վրայ զգայ դրական արդիւնքները>>:

Ըստ Կարապետեանի՝ աշխարհի որեւէ երկիր չի կրնար մէկ տարիէն իր բոլոր հարցերը լուծել: <<Կա՞յ երկիր, որ մէկ տարում կարող է լուծել իր առջեւ ծառացած բոլոր խնդիրները: Ոչ: Իսկ այժմ գնահատէք մեր աշխատանքը՝ հաշուի առնելով մեկնարկային հնարաւորութիւնները>>, ըսաւ Կարապետեան: Ան նաեւ նշեց, թէ իւրաքանչիւր հայ կ՛ուզէ որ իր կենսապայմանները բարելաւուին ամէն տարի:

Այս տարուան առաջին երկու ամիսներուն Հայաստան արձանագրած է 8.6 տոկոս տնտեսական աճ: Կարապետեան, պատասխանելով ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի հարցումին՝ յայտնեց. <<Չնայած մենք ունենք որոշակի ֆորս-մաժորային (զօրութեան, կարողութեան-Խմբ.) իրավիճակ, քանի որ Թեղուտի ձեռնարկութիւնը չի աշխատում, սակայն այս տարուայ առաջին ամիսներին ունենք տնտեսական ակտիւութեան (աշխուժութիւն-Խմբ.) 8.6 տոկոս աճ, արտահանման 43 տոկոս, ներմուծման՝ 45-46 տոկոս աճ>>։

Կարէն Կարապետեան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր գերատեսչութիւն ունի տեսլական, թէ ուր պիտի երթայ, ինչ ուղղութեամբ պիտի շարժի:

<<Մենք բաւականին երկար աշխատել ենք 20-30 ծրագրի վրայ, որոնք վերջերս զեկուցել ենք հանրապետութեան նախագահին, իսկ առաջիկայում կը ներկայացնենք հանրային քննարկման: Կարծում եմ, որ մեր քաղաքացիները ինչ-որ առումով բաւարարուած կը լինեն, եթէ տեսնենք, թէ մենք այնտեղ ինչ նշաձող ենք դրել: Շատ ամբիցիոզ (փառասէր-Խմբ.) եւ բաւականին քրտնաջան աշխատանք պահանջող ծրագրեր են, այսինքն՝ նշաձողը շատ բարձր է, սակայն ծրագրերը իրագործելի են: Մենք պէտք է մեր առաւելագոյն ուժերը ներդնենք բոլոր ոլորտներում բարեփոխումներ իրականացնելու համար>>, ընդգծեց Կարապետեան:

Կարապետեան յաջողութեան հասնելու համար կարեւոր նկատեց երկարաժամկէտ ծրագիրներու մշակումը՝ ընդգծելով, որ յառաջիկային պէտք է քայլեր ձեռնարկեն նման ծրագիրներ կեանքի կոչելու ուղղութեամբ:

 

comments