«Կառավարութիւնը Կը Կատարէ «Ազգ-Բանակ» Հայեցակարգը Կեանքի Կոչելու Չորրորդ Կարեւոր Քայլը». Վիգէն Սարգսեան

By Asbarez | Saturday, 14 April 2018

0414viken

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ընդունեց շարք մը որոշումներ, որոնք ուղղուած են «Ազգ-բանակ» հայեցակարգի իրականացման: Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեան յայտնեց, որ այսօր կը կատարուի «Ազգ-բանակ»ը կեանքի կոչելու վերաբերող խիստ կարեւոր չորրորդ քայլը: Առաջին քայլը, ըստ Վիգէն Սարգսեանի, գաղափարականն էր, որ կը բխէր նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթներէն եւ ուղեցուցային հիմնական մօտեցումներէն: «Երկրորդ կարեւոր քայլը իրաւական էր: Մենք ընդունեցինք  երկու կարեւոր օրէնքներ, որոնցմով համախմբեցինք մինչ այդ գործող 7 օրէնքները: Երրորդ կարեւոր քայլը արդիականացման ծրագիրն էր, որ  յառաջիկայ 7 տարիներուն համար բանակի զարգացման շատ գործնական ճամբու քարտէս է: Չորրորդ կարեւոր քայլը մենք այսօր կը կատարենք. այսօրուան նիստին բերած եմ վեց որոշումներ, որոնցմով մենք յստակ ծրագիրներ կը ներկայացնենք այս ամբողջ գաղափարախօսութենէն անցնելու շատ կիրառական գործնական քայլերու», ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ըսեց պաշտպանութեան նախարարի  պաշտօնակատարը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement