Փաշինեան Մայրաքաղաքի Փողոցները Փակելու Մարտավարութեան Կը Վերադառնայ

By Asbarez | Friday, 20 April 2018


0420demo1

ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 19 Ապրիլի երեկոյեան, Հանրապետութիւն հրապարակին վրայ, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավարը՝ Նիկոլ Փաշինեան, հրաւիրեց բազմահազար ցուցարարները յաջորդ օրը մասնակցելու մայրաքաղաքի փողոցները փակելու ցանցային գործողութիւններուն: Ան բեռնակառքերու վարորդները հրաւիրեց միանալու ցոյցերուն եւ իրենց մեքենաներով փակելու Երեւանի գլխաւոր փողոցները:

0420demo3

Հանրահաւաքին ընթացքին յայտնի դերասան եւ հասարակական գործիչ Արսինէ Խանճեան հեռաձայնով կապուեցաւ հրապարկ հաւաքուած ցուցարարներուն եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց իրենց գործողութիւններուն:

Հաւաքի ամբողջ ընթացքին ելոյթ ունեցողները ոստիկանութեան հանդէպ յարգանքով վերաբերուելու յորդորներ կատարեցին:

Նշենք, որ ոստիկանութեան զանազան ստորաբաժանումներ 19 Ապրիլին ձերբակալեցին 123 ցուցարարներ, որոնցմէ 85ին նկատմամբ վարչական վարոյթ յարուցուեցաւ, իսկ 38ը ներկայացուեցաւ նախաքննարկ մարմինին:

comments