Սերժ Սարգսեան Կը Հրաժարի Կառավարութեան Որոշումով Իրեն Յատկացուած Առանձնատունէն

By Asbarez | Friday, 20 April 2018

0420govԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Սերժ Սարգսեան Հինգշաբթի, 19 Ապրիլին, կառավարութեան առաջին նիստին ընթացքին յայտնեց, որ կը հրաժարարի կառավարութեան որոշումով իրեն յատկացուած առանձնատան սեփականութեան իրաւունքէն:

Նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրուցելով, արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Յարութիւնեան յայրտնեց, որ վարչապետը պիտի ապրի կառավարական ամառանոցին մէջ:

Նոյն նիստին ընթացքին Սարգսեան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացը պիտի աւարտի երկու-երեք օրէն:

Նշենք, որ նիստը չսկսած, յայտնի դարձած էր, որ նախարարի իրենց պաշտօնին վերանշանակուած են եւս երեք նախարարներ՝ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը, տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանը եւ ելեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեանը:

comments